Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

ՀԲ-ն Կը Պատրաստէ Հայաստանի Հետ Յառաջիկայ Չորս Տարուան Գործակցութեան Առաջնահերթութիւնները Սահմանող Փաստաթուղթը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Սիլվի Պոսութղոն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Համաշխարհային դրամատան գործակցութեան օրակարգի շարք մը հարցերու:

Ընդգծելով Համաշխարհային դրամատան հետ արդիւնաւէտ գործակցութիւնը՝ Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ միջազգային ելեւմտական կառոյցներու` ՀԲ-ի հետ աշխատանքը շատ կարեւոր է ՀՀ-ի համար: Նախագահին խօսքով՝ տնտեսական աճը, կայուն եւ արագ զարգացումը երկրին մէջ աղքատութիւնը յաղթահարելու հիմնական գործիքներն են: Համաշխարհային դրամատան հետ իրականացուող համատեղ ծրագիրները պէտք է միտուած ըլլան առկայ խնդիրներու լուծումին՝ այդ գործիքներուն միջոցով:

Սիլվի Պոսութղոն նշած է, որ կը պատրաստուի Հայաստանի հետ յառաջիկայ չորս տարուան գործակցութեան առաջնահերթութիւնները սահմանող «Երկրի գործընկերութեան շրջանակ» ռազմավարական փաստաթուղթը, ինչը խարսխուած պիտի ըլլայ երեք հիմնասիւներու վրայ՝ արտահանումի խթանում ու մրցունակութիւն, մարդկային ունակութիւններու զարգացում եւ բնապահպանութեան ու պաշարներու կառավարում:

Երկրի ապագային համար կարեւորելով բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթութեան, գիտութեան զարգացումը՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ այդ գծով իր ջանքերը ուղղուած են բարձր արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու խրախուսումին, եւ այստեղ կայ արդիւնաւէտ գործակցութեան մեծ ներուժ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին