«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Օրէնսդիրները միահամուռ համաձայնութեամբ հաւանութիւն տուին պետական առժամեայ ֆինանսաւորումի օրինագիծին, մինչեւ որ նախարարաց խորհուրդը եւ խորհրդարանը վաւերացնէ 2019 թուականի պետական պիւտճէն:
Օրէնսդիր մարմինը դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ երեք ամսուան ժամանակահատուածին կառավարութեան ֆինանսաւորումը կը համընկնի Լիբանանի՝ պետական պիւտճէի պակասորդ-ՀՆԱ (Համախառն ներքին արդիւնք, անգլ.՝ GDP) յարաբերակցութիւնը տարեկան մէկ տոկոսով նուազեցնելու նպատակին:
Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի բացատրեց, որ այժմ նախարարաց խորհուրդը մէկուկէս ամիս ունի պետական պիւտճէն ընդունելու, որմէ ետք խորհրդարանը, իր կարգին, մէկուկէս ամիս կ’ունենայ զայն վաւերացնելու համար: