«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանը Բարձրագոյն խորհուրդին համար փակ քուէարկութեամբ ընտրեց էական պարտականութիւններու թերացումի պարագային նախարարներու եւ պետական ղեկավար անձանց դէմ դատական գործ յարուցելու գծով պատասխանատու եօթը օրէնսդիրները:
Գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուած օրէնսդիրները հետեւեալներն են. Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն Ժորժ Օքայս՝ 95 քուէ, Հզպալլա կուսակցութենէն Ալի Ամմար՝ 100 քուէ, Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութենէն Ֆայսալ Սայեղ՝ 105 քուէ, Ազգային ազատ հոսանք շարժումէն Ժորժ Աթալլա՝ 97 քուէ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն Յակոբ Բագրատունի՝ 95 քուէ, Մուսթաքպալ շարժումէն Սամիր Ժըսր՝ 97 քուէ, Փաղանգաւոր կուսակցութենէն Էլիաս Հանքաշ՝ 63 քուէ:
Բոլորը ընտրուեցան մեծամասնութեան քուէով՝ բացի Հանքաշէն: Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանը չյաջողեցաւ բաւարար ձայն հաւաքել, այլ ընտրուեցաւ ինքնովի, երբ Սուրիական ընկերվար-ազգայնական կուսակցութենէն Ալպեր Մանսուր, իսկ Ազմ շարժումէն Փոլա Եագուպեանը եւ Ալի Տարուիշը հրաժարեցան իրենց թեկնածութենէն: