«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ Հիլարի Քլինթոնի պակասը պիտի զգայ 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Քլինթոնը հաւաստեց, որ 2020 թուականին պիտի չյառաջադրուի նախագահի թեկնածու: Ան կը հրաժարի երրորդ անգամ Սպիտակ տան համար պայքարելէ: Ափսոս, արդեօք սա կը նշանակէ, որ ինծի վիճակուած չէ՞ դարձեալ մրցակցելու իրեն հետ: Ես իր պակասը շատ պիտի զգամ»,- գրած է Թրամփ Twitter-ի վրայ: Աւելի կանուխ, ԱՄՆ-ի պետական նախկին քարտուղար Հիլարի Քլինթոնը յայտարարած է, որ մտադիր չէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու յառաջադրուիլ 2020 թուականի ընտրութիւններուն: «Ես պիտի չյառաջադրուիմ, բայց պիտի շարունակեմ աշխատիլ, խօսիլ ու պաշտպանել իմ համոզումներս»,- ըսած է Քլինթոնը «News 12» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին:
Ան նաեւ յայտնած է, որ չի ծրագրեր իր թեկնածութիւնը յառաջադրել Նիւ Եորքի նահանգապետի կամ քաղաքագլխի պաշտօնին համար: Քլինթոնի խօսքով՝ ինքը «կ’օգնէ իր կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ կը վայելէ գրողի, աքթիվիստի ու մեծմայրիկի կեանքը»: 2018 թուականի Հոկտեմբերին Քլինթոնը չէր բացառեր, որ 2020 թուականին վերստին կը յառաջադրուի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «կը պատրաստուի իր ուժերուն ներածին չափ ամէն ինչ ընել, որպէսզի 2021 թուականին դեմոկրատ գայ Սպիտակ տուն»,- հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն: