Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Անհրաժեշտ է Արդիւնաւէտ Տարբերակ Ստեղծել, Որուն Նպատակը Բանակցային Գործընթացին ԼՂ-ի Մասնակցութիւնը Ապահովելն է. Փաշինեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Եւրոմիութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ աւելցնել աջակցութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման արագացման ուղղութեամբ հարցին ի պատասխան՝ եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով ԵՄ յանձնակատար Եոհաննէս Հան, Պրիւքսէլի մէջ, լրագրողներու համար նախատեսուած հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, թէ պէտք է ձգել ներկայ տարբերակը:

«Պէտք է ձգենք ամէն ինչ գործող տարբերակով, նոր բան չստեղծենք: Բայց շատ կարեւոր են փոխվստահութեան զարգացման միջոցները: Եւ մենք դուրսէն՝ իբրեւ Եւրոմիութիւն, ի՞նչ կրնանք ընել: Մենք կրնանք ամբողջ տարածաշրջանին աջակցիլ, կրնանք նպաստել երկիրներու միջեւ համագործակցութեան տարբեր ոլորտներու մէջ: Այսինքն՝ հնարաւորութիւնները պէտք է շատ ըլլան, եւ որոշ բաներ ժամանակ կը պահանջեն: Բայց կը կարծեմ, որ տարածաշրջանին մէջ պայմանները բաւական նպաստաւոր են յետագային տարածաշրջանային իրավիճակը բարելաւելու համար: Մենք պէտք է աջակցինք, բայց միայն կողմերուն խնդրանքով եւ պահանջով, որովհետեւ կողմերը գիտեն ինչ ընել, ինչպէս աշխատիլ իրարու հետ, եւ մենք պէտք է ուղղակի պատրաստ ըլլանք աջակցելու, եթէ կողմերը խնդրեն մեզմէ»,- ընդգծած է ան:

Իր հերթին, հանդիպման ներկայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է. «Ես արդէն Թեհրանի մէջ ըսած եմ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարի հետ յառաջիկայ մեր հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ նաեւ՝ բանակցային տարբերակի շուրջ քննարկումներուն, որովհետեւ մենք կը կարծենք, եւ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած, որ հարցին արդիւնաւէտ կարգաւորման համար նախեւառաջ անհրաժեշտ է արդիւնաւէտ տարբերակ ստեղծել, որուն նպատակը բանակցային գործընթացին Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը ապահովելն է»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին