Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

ԱՄՆ-Հիւսիսային Քորէա Բանակցութիւններու Նոր Փուլը Կրնայ Տեղի Ունենալ Մի Քանի Շաբաթէն. Փոմփէօ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայքլ Փոմփէօ Մարտ 4-ին հաւաստած է, որ մի քանի շաբաթէն Փհենիանի մէջ կրնայ տեղի ունենալ ԱՄՆ-Հիւսիսային Քորէա բանակցութիւններու հերթական փուլը՝ աշխատանքային մակարդակով: Պետական գերատեսչութեան ղեկավարը այդ մասին պատմած է Այովայի նահանգը գիւղատնտեսութեան ճիւղի ներկայացուցիչներուն հետ կայացած հանդիպումին: Իր ելոյթը հեռարձակած է ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Ես յոյսով եմ, որ մեր պատուիրակութիւնը Փհենիան կ’ըլլայ յառաջիկայ մէկ-երկու շաբաթուան ընթացքին: Ես կը շարունակեմ աշխատիլ, որպէսզի գտնեմ այն ոլորտները, ուր մենք ընդհանուր շահեր ունինք»,- նշած է Փոմփէօ:

Ան ըսած է, որ Ուաշինկթընը եւ Փհենիանը քորէական թերակղզիի միջուկազերծումի «ընդհանուր ըմբռնում» ունին, բայց «տակաւին շատ մեծ աշխատանք կայ ընելու»:

Աւելի կանուխ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ վստահութիւն յայտնած է, որ Ուաշինկթընը եւ Փհենիանը ի վերջոյ համաձայնութեան կը հասնին վիճելի հարցերու շուրջը: Խօսելով Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ունի հետ Հանոյի մէջ կայացած հանդիպումի արդիւնքներուն մասին՝ Թրամփ նշած է. «Անոնք կը ցանկան միջուկազերծում ապահովել որոշ շրջաններու մէջ, իսկ ես կը ցանկայի, որ միջուկազերծումը լիակատար ըլլար»,- պարզաբանած է Թրամփ՝ խօսելով այն պատճառներուն մասին, որոնք խանգարեցին կողմերը համաձայնութեան գալու:

Խօսելով երկիրներուն միջեւ բանակցային հետագայ գործընթացի հեռանկարներուն մասին՝ Թրամփ ընդգծած է. «Ես կը կանխազգամ, որ հետագային ինչ-որ բան տեղի պիտի ունենայ, անշուշտ լաւ բան»,- յաւելած է Թրամփ:

Փետրուար 28-ին Հանոյի մէջ աւարտեցաւ ԱՄՆ-ի եւ Հիւսիսային Քորէայի երկօրեայ գագաթնաժողովը, ուր կողմերը չյաջողեցան հասնիլ համաձայնությունների: Փհենիանը եւ Ուաշինկթընը հրաժարեցան համատեղ փաստաթուղթի ստորագրութենէն, բայց պայմանաւորուեցան շարունակելու երկխօսութիւնը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին