«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի նաւթային պետական հիմնադրամի եկամուտները նուազած են 6 անգամով:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»–ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական azadliq.info լրատուական գործակալութիւնը:
Ազրպէյճանցի յայտնի տնտեսագէտ–փորձագէտ Գուպատ Իպատօղլուի հաղորդմամբ` հիմնադրամը 2018-ին ծախսերու եւ եկամուտներու մասին ամբողջական տեղեկութիւնը հրապարակած է միայն 2019-ի Մարտ 1-ին: