Երեքշաբթի իրիկուն, 5 Մարտ 2019-ին, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ընդունեց այցելութիւնը Թեզէ միջ-եկեղեցական միաբանութեան երկու եղբայրներուն` Էմիլի եւ Ժան-Ժագի, որոնք ապա մասնակցեցան Ազգային Առաջնորդարանի «ԱՅՈ» երիտասարդական յանձնախումբի Աստուածաշունչի սերտողութեան։
Յայտնենք, թէ Լիբանանի Հայոց Թեմը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուելիք Թեզէի երիտասարդական հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ 23-25 Մարտ 2019-ին։ Թեզէ միաբանութիւնը հիմնուած է Ֆրանսայի մէջ, 1940-ին, Եղբայր Ռոժէ Շութզի կողմէ։
Աստուածաշունչի սերտողութեան աւարտին, «ԱՅՈ» երիտասարդական յանձնախումբը կազմեց իր վարչութիւնը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէ.- Հոգշ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան (Հոգեւոր խորհրդատու), Անի Պարիկեան (Ատենապետուհի), Մանուէլ Թոգմագճեան (Ատենադպիր), Գէորգ Գատէհճեան (Խորհրդական), Ռիթա Գարամանուկեան (Խորհրդական), Ճօ Պասթաճեան (Խորհրդական), Ալիս Տագէսեան (Խորհրդական) եւ Պօղոս Տօնիկեան (Խորհրդական)։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց նորակազմ վարչութիւնը եւ ըսաւ.- «Գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ շուրջ խմբելու մեր ճիգերը առաւել կը հունաւորուին այս վարչութեան կազմութեամբ։ Մեր սպասումն է, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները եւ յատկապէս պատասխանատու պաշտօններ ունեցողները քաջալերեն նոր սերունդին մասնակցութիւնը «ԱՅՈ»-ին»։