Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Տեյվիտ Սաթըրֆիլտ Լիբանանը Կը Զգուշացնէ Իրանի Միջամտութենէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Միջին Արեւելքի հարցերով պետական քարտուղարի տեղակալ Տեյվիտ Սաթըրֆիլտ շեշտեց Լիբանանի ինքնորոյն գործելու եւ որոշում կայացնելու անհրաժեշտութիւնը՝ առանց ազդուելու արտաքին միջամտութիւններէ: Սաթըրֆիլտ կ’ակնարկէր երկրին մէջ Իրանի ունեցած ազդեցութեան:
Պէյրութի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժմայէլի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսին ան ընդգծեց, որ Լիբանանի կայունութիւնն ու ապահովութիւնը պայմանաւորուած է երկրի ազգային ընտրութիւններով եւ ոչ թէ ուրիշներու պարտադրանքներով:
Ակնարկելով Իրանին՝ ան նշեց, որ Լիբանան բաւական երկար ժամանակ տուժած է այլոց յառաջ քաշած գաղափարախօսութենէն եւ հակամարտութիւններէն, աւելցնելով, որ երկիրը պէտք է վճռականօրէն դիմակալէ նման վնասաբեր միջամտութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին