Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Պըրրի Կը Քննադատէ Սուրիոյ Հետ Հաղորդակցութեան Բացակայութիւնը. «RSS»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Յորդանանի մօտ Լիբանանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին խստիւ քննադատեց Լիբանանի կառավարութիւնը՝ Սուրիոյ հետ գաղթականներու տունդարձին եւ այլ առանցքային խնդիրներու շուրջ չհաղորդակցելուն համար:
Պըրրի նշեց, որ կառավարութիւնը չի ձեռնարկեր քայլերու Սուրիոյ հետ գաղթականներու տունդարձին, Նասիպ սահմանային անցակէտին եւ Սուրիոյ վերակառուցումի ծրագիրներուն հետ կապուած երկխօսութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ Նասիպ սահմանային անցակէտը 3 տարի փակ մնալէ ետք վերաբացուեցաւ 2018-ի Հոկտեմբերին: Անցակէտը փակելու որոշումը ծանր հարուած հասցուց Լիբանանի արտահանումի շուկային, ուր մասնաւորաբար գիւղատնտեսութեան ոլորտը տուժեց ծովու միջոցով համեմատաբար աւելի երկարատեւ, նուազ յաջողակ եւ աւելի ծախսալից  տարանցումէն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին