Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ռուսիա Կը Դադրեցնէ Հրթիռներու Ոչնչացումի Մասին Պայմանագիրի Գծով Իր Պարտաւորութիւններուն Կատարումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին  ստորագրած է համապատասխան փաստաթուղթ մը, որով  Ռուսիա կը դադրեցնէ Միջին ու փոքր հեռահարութեան  հրթիռներու ոչնչացումին մասին պայմանագիրի գծով իր պարտաւորութիւններուն կատարումը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն, այս մասին կը յայտնէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

Ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Մոսկուայի պարտաւորութիւններու կատարումը դադրած են, քանի դեռ ԱՄՆ-ը չի վերացուցած իր խախտումները պայմանագիրի հարցին մէջ կամ  մինչեւ պայմանագիրի ուժի մէջ ըլլալը:

Պայմանագիրէն դուրս գալու մասին առաջինը յայտարարած էր ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ:

Միջին եւ փոքր հեռահարութեան հրթիռներու ոչնչացումին մասին պայմանագիրը կնքուած է 1987-ին ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ: Պայմանագիրը ստորագրած են Ռոնալտ Ռեյկանը եւ Միխայիլ Կորպաչիովը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին