Տիրամայր Զարուհի Թաշճեան
(Իր Անթառամ Յիշատակին)
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Այն ատեն ո՛չ հեռացանց կար, ո՛չ համակարգիչ, ո՛չ հեռատեսիլ եւ մեզի համար տակաւին՝ ո՛չ ձայնասփիւռ, ո՛չ հեռաձայն, եւ ո՛չ իսկ հեծանիւ մը, երբ Պուրճ Համուտի համեստ մէկ թաղամասին՝ Նոր Մարաշի աղքատիկ տան մը թիթեղեայ երդիքին տակ, դայեակի մը օգնութեամբ աշխարհ կը բերէր զիս մայրս, վրէժխնդրական իր վճռական արարքով, իրա՛ւ, ճշմարի՛տ ամէն հայ մօր պէս, ծննդաբերական ցաւերու սուր իր ճիչը արձակելով մեր դարաւոր թշնամիին երեսին.
-Դուք մեզ կը ջարդէք, կը փորձէք բնաջնջե՞լ, ահա մենք ծնունդ կու տանք նոր սերունդի, մեր պապերէն ժառանգած շղթան անքակտելի, անբեկանելի պահելու ուխտով: Տիրամայր Զարուհի Թաշճեան
Անդոհական տարիներէն ետք, յետ եղեռնեան այդ աքսորական կեանքը, 40-ական թուականներու սկիզբը այս անգամ կը տեսնէր քաղաքական ամպոտած երկինք, երբ ֆրանսական գաղթավայր Լիբանանը ինքզինք կը գտնէր մուրճի եւ սալի միջեւ իբրեւ կռուադաշտ, մէկ կողմէն տըկոլականներուն եւ միս կողմէն փեթենականներուն օտար ափերու վրայ մարտնչուող քաղաքացիական անսովոր պատերազմին:
-Ամենօրեայ օդային ռմբակոծումներու տակ ծնար,- կ՛ըսէր մայրս, – եւ այդ օր, 17 Յունիսին ռումբերը լռեցին յանկարծ. պերեքէթ բերիր տղա՛ս, եւ մարդիկ սկսան փողոց ելլել…
Հակառակ այս տագնապին սակայն , լաւ էր ժողովուրդին տրամադրութիւնը, կորովը, իր բոյնը նորէն շինելու բնազդը, արեւը ըմպելու բարի բախտէն գոհունակ; Կեանքը իր հունին մէջ էր, դէպի բնականութիւն, թէ՛ ազգային եւ թէ՛ ընկերային երեսներով: Եկեղեցիին զանգը հաւատացեալները հրաւիրող իր ղօղանջը չէր զլանար, ոչ ալ բարի դրացնութեան սովորութիւնը կը նահանջէր նոր մարտահրաւէրներու եւ մրցակցութեանց ցանցին մէջ:
Հայութիւնը կը խայտար ամենուրեք, դպրո՛ց, եկեղեցի՛, ակո՛ւմբ, սինեմա, շուկայ, խանութներ, հանդէսներ, տօնե~ր, աւանդութիւննե~ր: Ամերիկեան ծանր, պարտապանաց ինքնաշարժներ, ինչ որ կը տեսնենք տակաւին այսօրուան Քուպային մէջ, Պուրճ Համուտի նեղ փողոցներուն մէջ, հպա~րտ, գոռո~զ իրենց ճչակներով ներկայութիւն կը պարտադրէին խոտոր համեմատելով համեստ տուներու արտաքինին ու սարոյքին դիմաց: Հայաբոյր էր մթնոլորտը, փոքրիկ Հայաստան էր Պուրճ Համուտը, հարազատ տուն էր Նոր Մարաշը:
Մայրս, իր հօր ու մօր ծննդավայր Մարաշի պապենական օդը շնչեց ա՛յս Նոր Մարաշ թաղի երկնքին տակ, նեղ, զրկեալ պայմաններու ենթակայ ու իր անդրանիկ զաւկին ծնունդով՝ սկսցուց նաեւ իր կեանքի գողգոթան, տոչորուեցաւ, զոհեց հանգիստ, ժամանակ եւ երիտասարդական հաճոյքներ իր ընտանիքին բարօրութեան եւ երջանկութեան սիրոյն: Գուցէ իր ոտքերը աքսորականներու սուր քարերն ու կիզիչ աւազները չտեսան, բայց կարծրացան, կաշիացան մեր տան բակի ձմեռը՝ թաց, ամառը՝ տաք սալայատակներուն վրայ: Իր գլուխը կակուղ բարձ չփնտռեց, քո՛ւն չփնտռեց, որպէսզի իր օրօրը երգէ ու իր քունը մեզի տայ, իր գուրգուրանքին ամբողջ շուքը մեր վրայ, ձեռքերը օդին՝ վանելով մեր բարի երազանքը խանգարող Նահր գետի խայտառակ մժեղները:
Չարքաշ կին էր մայրս, յոգնութիւն բառը չկար իր բառարանին մէջ: «Էօ~ֆ» չէիր լսեր իր բերնէն, որովհետեւ համբերութիւնը թէ՛ սրտին, թէ՛ մտքին մէջ էր: Չէր տրտնչար, տրտմութեան դիմակ չունէր երբեք, սխալ պատգամ չտալու համար մեզի՝ քրոջս եւ երկու եղբայրներուս, մեր կեանքի գարունին մէջ, որպէսզի մենք ալ գանգատող չըլլայինք ապագային:
Հոգիով հարուստ, խինդով-խանդով կին էր մայրս, կազմակերպեալ, բծախնդիր, մաքրամաքուր, զուարթամիտ, կատակասէր, ժպտումերես եւ բարի, փնտռուած բոլորէն: Պատմելու սկսա՞ւ, բերնէն կը կախուէին շուրջինները, երբ հաճելի դարձուածքներով կը նկարագրէր դէպքերն ու դէմքերը, սրամտօրէն, դերասանի մը վարպետութեամբ, քահ-քահները՝ նախանձ առթող մակարդակով սփռելով պատուհանէն դուրս:
Մեր տան դուռը կղպանք չունէր բնաւ: Բաց էր առտու իրիկուն, իսկ անծանօթ մը դուռը զարկա՞ւ, ձեռքը լեցուն կը ճամբէր մայրս, հաց, պտուղ, քաթա, ինչ որ կրնար հայթայթել իր նեղլիկ խոհանոցէն: Օգնութեան կը հասնէր բոլորին, անսակարկ: Իր սիրտը ափին մէջ էր միշտ:
Այն ատեն «ժամադրութիւն» գոյութիւն չունէր դուռ-դրացիի այցելութեան, հակապատկերը այս օրերու ձեւակերպութեան: Տգեղ չէր, անախորժ չէր, անկրթութիւն չէր, այլ՝ ընկալուած բարի սովորութիւ՛ն մը, հայկակա՛ն, նեղ այդ պայմանները օծելու «քիչով գոհ ու գերերջանիկ» տրամադրութեամբ, ճիշդ հակառակը՝ այսօրուան «շատով դժգոհ» երեւոյթին…
Մայրս միայն չէր խնդացներ, կը լացնէ՛ր ալ, երբ թաղին մէջ մահ մը պատահէր, անխուսափելի էր իր ներկայութիւնը հանգուցեալի տան մէջ, բաց դագաղին առջեւ ու սգակիրներու խումբը, սեւերու մէջ, թաշկինակը դէմքին, գլուխ օրօրելով կ՛ունկնդրէր մօրս ցաւատանջ, տխուր եւ սփոփարար երգերը: Արցունքը կը հոսէր աչքերէն, մօրս ձայնին թախծոտ ելեւէջներուն եւ մեկնաբանութեանը տակ, շատը հայերէն, քիչ մըն ալ թրքերէն, մինչեւ որ հալէին սրտերը: Կարելի՞ էր հաւատալ, որ ասիկա այդ խնդացնող կինը ըլլար…
Իր երգերը մեր տան մէջ, լուացքի, արդուկի, կարի կամ ճաշի պատրաստութեան ատեն «Ելլեմ ման գամ, ջան իմ երկիր…», «Տըլէ եաման», «Թռչէի մտքով տուն». մեր ձայնասփիւռն էին, իսկ իր անսպառ ժպի՞տը՝ այն լոյսը որ կը բխէր իր ներաշխարհի արեւէն, մեր օրհնութիւնը, պատկերասփիւռը…
Համակրելի կին էր մայրս, համաչափ քիթ, բերան եւ գրաւիչ աչքեր: Զարդի կամ շպարի պէտք չունէր, բայց երբ տունէն դուրս ելլէր, կը փորձէր ներկայանալի երեւալ ո՛չ աչք խփող եւ ո՛չ ալ աչք շլացնող չափով: Ճամբան հանդիպած ծանօթին հետ կը խօսէր, քաղած լաւ լուրերով կը հրճուէր, գէշ լուրերով կը տխրէր: Երես չէր դարձներ ոեւէ մէկուն, ոչ ալ կը սիրէր լսել ուրիշի հասցէին արձակուած հերիւրանք կամ բամբասանք: Իր գրաւչութեան եւ ժողովրդականութեան արդուզարդի տուփը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ՝ շրթներուն ազնիւ խօսք, ձայնին մէջ՝ աղօթք, աչքերուն մէջ՝ գորով, ձեռքին մէջ՝ օգնութիւն, դէմքին վրայ՝ ժպիտ եւ իր սրտին մէջ՝ սէր ու յարգանք:
Չափազանց ուշադիր էր մաքրութեան: Բիծ մը չէր տեսնուեր մեր դպրոցական համազգեստին վրայ երբ ճամբայ կ՛առնէինք ամէն առտու դէպի դպրոց, այլ հարց թէ ի~նչ կու գար այդ շապիկներուն գլխուն զբօսանքի քրտինքներէն եւ գրասեղանի մելաններէն: Մաքրութիւնը կապ չունէր նիւթականին հետ: Նոյն շապիկը նորէն կը շոյէր մեր մարմինը ձիւնի մաքրութեամբ, մինչեւ որ ալ նեղ գար ու դրուէր մէկ կողմ:
Մայրս նախանձախնդիր էր նաեւ մեր ուսման եւ արդար հպարտութեամբ իր զաւակներէն երկուքը ընծայաբերեց ազգին, մին ղրկեց Կիպրոս, միւսը՝ Երուսաղէմ, առաջինը դարձնելով հայ դպրոցին, կրթութեան եւ արուեստի սպասարկուն, իսկ երկրորդը՝ հաւատաւոր խնկարկուն Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցիին: Եթէ այդ քայլը չառնէր եւ մեզ երկրէն հեռու չղրկէր, հաւանական է, որ հայրս գործադրած ըլլար իր մտադրութիւնը մեզ իր արհեստին՝ դերձակութեան դնելու, բազմանդամ ընտանիքի նիւթական կարիքներուն մեր ալ նպաստը բերելու համար:
Լիբանանի քաղաքացիական ծանր կռիւներուն, հրաշքի համազօր՝ քանիցս փրկուեցաւ ստոյգ մահէ, ռումբերու եւ փամփուշտներու կարկուտին տակ: Ռումբ ինկաւ նաեւ մեր տան վրայ, մինչեւ որ ճակատագիրը զինք փոխադրէ Ամերիկա, աւելի ապահով ափեր, շատ մը հայերու նման հազարաւոր քիլոմեթր հեռու իր ծննդավայրէն ու իր անդրանիկ զաւակէն: Բայց հաւատարիմ՝ աստուածավախ իր բնութեան, եկեղեցի դարձուցած իր տան մէջ կիրարկեց քրիստոնէական հաւատքի պատուիրանները, «Փառք Աստուծոյ»ին մէջ փնտռելով իր հոգեհատորին այրող կարօտն ու մխիթարանքը:
Ու շաբաթ մը առաջ, հրեշտակներու անունով մկրտուած այդ քաղաքին մէջ՝ Լոս Անճելըս, իր վերջին շունչին հետ գուցէ յիշեց իր ուրախութիւնն ու խնդուքը, երբ ես կը ճչայի~, կու լայի~ ծնած պահուս, այդ օրերուն երբ ո՛չ հեռացանց կար, ո՛չ հեռաձայն եւ ոչ ալ հեծանիւ մը …
Բայց վստահ եմ, որ մայրս, հայ մօր վիճակուած լեցուն եւ իմաստալից կեանքէ մը ետք դարձեալ ուրախացա՛ւ, խնդա~ց արժանիօրէն յաւիտենական իր երթին ու հանգիստին մէջ, երբ կը վերամիանար հօրս, մինչ աչքերս, անդարմանելի իրենց կորուստին մէջ կը վերագտնէին մանկութեանս արցունքները, իր ցուրտ դագաղին առջեւ:
Երախտապարտ ոգիով, հողը թեթե~ւ անգին մայր: Հողը թեթե~ւ:
Լոս Անճելըս