«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով կը գտնուի Պելճիքայի Թագաւորութիւն: Կառավարութեան ղեկավարը Մարտ 4-ին այցելած է Ֆլանտրիոյ տարածաշրջանի Ֆլամանտական Պրապանտ նահանգի մայրաքաղաք Լիւվենի կրթական, գիտահետազօտական հաստատութիւններ: Այցի աւարտին ստորագրուած են փոխըմբռնումի յուշագիրեր բարձր եւ նորարարական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ երկկողմ գործակցութեան զարգացումի համար:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ վարչապետի ներկայութեամբ նախ ստորագրուած է փոխըմբռնումի յուշագիր ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Ֆլանտրիոյ արտաքին գործոց գերատեսչութեան միջեւ: Փաստաթուղթը ստորագրած են Պելճիքայի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թաթուլ Մարգարեանը եւ Ֆլանտրիոյ արտաքին գործոց գերատեսչութեան գլխաւոր քարտուղար Ֆրետի Էվանսը:
Փոխըմբռնումի յուշագիր ստորագրուած է նաեւ «IMEC» գիտահետազօտական կեդրոնի եւ «Ձեռնարկութիւններու ինկուբատոր» հիմնադրամի միջեւ: Զայն ստորագրած են «IMEC» գիտահետազօտական կեդրոնի փոխնախագահ Լիւտօ Տեֆերմը եւ «Ձեռնարկութիւններու ինկուբատոր» հիմնադրամի տնօրէն Բագրատ Ենկիպարեանը:
Յուշագիրերուն համաձայն՝ կողմերը գործակցութիւն կը ծաւալեն բարձր արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութիւններու ոլորտին մէջ փորձի փոխանակումի, կրթական համատեղ ծրագիրներու իրականացումի եւ գիտահետազօտական աշխատանքներու կազմակերպութեան ուղղութեամբ: