Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Հանդիպումներ Ունեցած Է ԱԺ Փոխնախագահներուն Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպումներ ունեցած է Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալներ Լենա Նազարեանի, Ալէն Սիմոնեանի, Վահէ Էնֆիաճեանի հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումներուն զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն մէջ Ազգային ժողովի աշխատանքներուն, օրակարգին ու միջազգային հարթակներու վրայ անոր գործունէութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: Կարեւորուած է օրէնսդիր մարմինի եւ իշխանութեան միւս թեւերուն ներդաշնակ գործակցութիւնը:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններու ծիրէն ներս գործակցելու խորհրդարանին հետ եւ օժանդակելու անոր գործունէութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին