Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

ՀՀ Եւ Միջազգային Շարք Մը Կազմակերպութիւններ Ստորագրած Են Երեւանի Մէջ Նոր Ջերմաելեկտրակայան Կառուցելու Ուղիղ Համաձայնագիրը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՀՀ կառավարութեան մէջ Մարտ 4-ին տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ 250 մէկաուաթ հզօրութեամբ ջերմաելեկտրակայան կառուցելու ուղիղ համաձայնագրի ստորագրութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ փոխվարչապետ  Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ համաձայնագիրը ստորագրած են ուժաբանական ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնակատար Գարեգին Բաղրամեանը, Միջազգային ելեւմտական միաւորումի (Համաշխարհային դրամատան խումբ) տարածաշրջանային կառավարիչ Եան Վան Պիլսենը, Ասիական զարգացումի դրամատան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Շեյն Ռոզենթալը, «Ռենքօ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճովաննի Ռուպինին, «Արմփաուէր»-ի լիազօրուած ներկայացուցիչ Սիմոնէ Ճովաննինին, «Ամերիա» դրամատան գլխաւոր տնօրէն Արտակ Հաննէսեանը, Գերմանական ներդրումային միաւորումի (DEG) Հայաստանի պատասխանատու Փեթեր Կիէրկիայը, «Սիմենս փրոճեքթ վենչրս»-ի գործադիր տնօրէն Քլաուս Քոլոֆը:

Ելոյթ ունենալով ստորագրութեան արարողութեան՝ ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան յիշեցուցած է, որ դեռ անցած տարուան Նոյեմբերին ՀՀ կառավարութեան, «Արմփաուէր»-ի եւ «Ռենքօ»-ի միջեւ շրջանակային եռակողմ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ Երեւան քաղաքի տարածքին ժամանակակից ջերմաելեկտրակայան կառուցելու: Ինչպէս կը նախատեսուէր շրջանակային համաձայնագիրով, երէկ արդէն ստորագրուեցաւ ուղղակի պայմանագիրը: Սա հնարաւորութիւն կու տայ աւարտելու ծրագրի ելեւմտական ամփոփումը եւ յառաջիկային սկսելու ջերմաելեկտրակայանի շինարարական աշխատանքները:

250 մլն ամ. տոլար արժողութեամբ այս ներդրումային նախագիծը կեանքի կը կոչուի 26 ամսուան ընթացքին ու այլ ջերմաելեկտրակայաններու համեմատ ելեկտրականութեան արժէքը կ’ըլլայ ամենացածը։ Նոր ջերմաելեկտրակայանի շինարարութեան մէջ կը ներգրաւուի 1000-1200 հոգի, իսկ շահագործումի ժամանակ կը ստեղծուի 230 աշխատատեղ:

Տիգրան Աւինեան նշած է, որ այս ներդրումային ծրագիրը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի ուժաբանական համակարգին համար, քանի որ ոլորտը աւելի յառաջ կ’երթայ ներդրումային զանազակերպուած կայանի եւ մասնաւոր հատուածի աւելի մեծ մասնակցութեան շնորհիւ:

Ծրագիրը կը նախատեսուի իրագործել արդիական սարքաւորումներու ներդրումով ու գիտական փորձի հիման վրայ, որուն շնորհիւ Հայաստանը կ’ունենայ բարձր արդիւնաւէտութեամբ ու անվտանգ գործող ուժաբանական կայան: Կը նուազի նաեւ Հայաստանի ուժաբանական համակարգին համար բնական կազի ծախսը եւ կը բարձրանայ ուժանիւթի մատակարարութեան յուսալիութիւնը:

Հուսկ, փոխվարչապետը համոզում յայտնած է, որ նման ծրագիրներու յաջող մեկնարկն ու իրականացումը լրացուցիչ խթան եւ օրինակ պիտի ծառայեն տեղական ու միջազգային ներդրողներուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին