«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կասպից ծովու ազրպէյճանական հատուածին մէջ տեղի ունեցած է 3 աստիճանի երկրաշարժ, կը յայտնէ Ազրպէյճանի ԳԱԱ երկրաշարժագիտական ծառայութեան հանրապետական կեդրոնը։
«Ստորգետնեայ ցնցումները տեղի ունեցած են ժամը 13։11-ին Լենքորանի կայանէն 22 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք»,- ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն, յայտնած են երկրաշարժագիտական կեդրոնէն։
Երկրաշարժի արտակեդրոնը գտնուած է 25 քմ խորութեան վրայ։