Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Կաշառակերութիւն, Գաղթականութիւն Եւ Տնտեսութիւն՝ Առաջնահերթութիւնները Հզօր Լիբանան Պլոքի Նախարարներուն. Պասիլ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Կաշառակերութեան արմատական վերացումը, Լիբանան հաստատուած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու ապահով տունդարձը եւ երկրի տնտեսական խարխափուն իրավիճակի վերընձիւղումը առաջնահերթութիւններն են Հզօր Լիբանան խորհրդարանական պլոքի նախարարներուն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ նշեց պլոքի նախագահ եւ արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ:
Միաժամանակ Ազգային ազատ հոսանք շարժումի Հզօր Լիբանան խորհրդարանական պլոքի նախարարները ներկայացուցին կառավարութեան կազմաւորումէն ետք 100 օրուան ժամանակահատուածի համար իրենց մշակած ծրագիրը:
Պասիլի հաղորդմամբ՝ նախարարները յայտարարեցին շարք մը էական նպատակներ, որոնց պիտի ճգնին ամէն գնով հասնելու՝ ի բարօրութիւն Լիբանանի ժողովուրդին եւ ի նպաստ երկրի գերագոյն շահերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին