Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Իրան-ԵԱՏՄ Առեւտրական Համաձայնագիրով Հայկական Արտադրանքը Աւելի Քիչ Սահմանափակումներով Կը Մտնէ Իրանական Շուկայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իրան-ԵԱՏՄ առեւտրական համաձայնագիրը Հայաստանի համար Իրանի հետ առեւտուրը ընդլայնելու մեծ հնարաւորութիւն է: «Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ նման տեսակէտ յայտնեց ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Տիգրան Խաչատրեանը:

«Իրանի՝ ԵԱՏՄ-ի հետ առեւտրական համաձայնագիրը մեծ հնարաւորութիւններ կու տայ ԵԱՏՄ-ի մէջ գործող կազմակերպութիւններու, առաջին հերթին ՀՀ կազմակերպութիւններու՝ դէպի իրանական շուկայ աւելի պարզորոշ մուտքի հարցի գծով: Սոյն համաձայնագրի վաւերացումէն եւ ուժի մէջ մտնելէն ետք աւելի քան 300 ապրանքատեսակ  կ’ունենայ ոչ սակացուցային կարգաւորումներու սահմանափակումէն ազատում, այսինքն՝ չեն ըլլար այնպիսի պահանջներ, որոնք արժէքային չեն: Իսկ արժէքային սակացոյցները կը նուազին: Սա հնարաւորութիւն է Հայաստանի մէջ արտադրուած որեւէ արտադրանք Իրանի շուկայ աւելի քիչ սահմանափակումներով եւ արգելքներով արտահանելու համար»,- ըսաւ նախարարը:

Խաչատրեան նկատեց, որ համաձայնագիրը հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ իրանական արտադրողներուն համար, որոնց համար ռուսական, հայաստանեան եւ ԵԱՏՄ միւս երկիրներուն շուկաները երկրորդական նշանակութիւն չունին յատկապէս այն պայմաններուն մէջ, ուր կը գտնուի Իրանի տնտեսութիւնը:

Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ համաձայնագիրը արդէն ստորագրուած է: Հինգ երկիրներէն երեքը արդէն վաւերացուցած են, շուտով Հայաստանն ալ կը վաւերացնէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին