«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 15 –
ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
23 Փետրուարին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կառավարութեան քանի մը անդամներու մասնակցութեամբ Վանաձորի արհեստագիտական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գործարարական համաժողով մը:
Իր ելոյթին մէջ վարչապետը շեշտեց, որ ամենակարեւոր ուղղութիւնը տնտեսական իրական գործունէութեան հնարաւորութիւններ ստեղծելն է՝ մենաշնորհներու բացառումի, օրէնսդրութեան բարեփոխումներու եւ կատարելագործումի ճամբով:
Գործարարական համաժողովին ներկայացուեցան մարզին համար առաջնային նշանակութիւն ունեցող բնագաւառներու`արհեստագիտական տեղեկատուութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ ճարտարարուեստի հետ կապուած աւելի քան 50 ծրագիր: Մարզպետ Ա. Ղուկասեանը շեշտեց, որ մարզային իշխանութիւնները պատրաստ են գործակցութեան եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու՝ Լոռի մարզը զարգացնելու համար:
Համաժողովին ներկայացուեցաւ նաեւ մարզին մէջ գործող ձեռնարկութիւններու արտադրութեան «ԷՔՍՓՕ» ցուցահանդէսը: 2500 աշխատող ունեցող «Կլորիա» կարի գործարանի հիմնադիր տնօրէն Բագրատ Դարբինեանը գործակցութեան նոր ուղիներ փնտռելու նպատակով հանդիպումներ ունեցաւ ռուս գործարարներու հետ: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց հետագային ռուսական կողմին հետ գործակցելու առնչութեամբ:
Ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական «ԱՐ-ՏԵՍԿ Հայաստան» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը սկսած է 2018-ի Հոկտեմբերին, որ Հոլանտայէն Հայաստան կը ներմուծէ 3Տ տիպի ծրագիրներ՝ նպատակ ունենալով Եւրոպայէն հրաւիրուած մասնագէտներու օգնութեամբ վերապատրաստել ուսանողները եւ ուղղակի Վանաձորի մէջ աշխատատեղեր ստեղծել: