«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի՝ ընթացիկ ամսուան աւարտին Ռուսիա պաշտօնական այցի օրակարգային թեման պիտի ըլլայ սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամը: Այս մասին կը հաղորդէ քաղաքական աղբիւր մը:
Աունի այցը, ինչպէս վերոյիշեալ աղբիւրը կը յայտնէ «The Daily Star» հեղինակաւոր գործակալութեան, տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով: Այցը նշանակուած է Մարտ 26-ին, նախքան Մարտ 31-ի Արաբական պետութիւններու լիկայի գագաթնաժողովը Թունիսի մէջ, որուն պիտի մասնակցի նախագահ Աուն:
Երկուշաբթի արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի եւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքիի հանդիպումը կը կեդրոնանար նախագահ Աունի այցի մանրամասնութիւններուն վրայ: Այս մասին կը տեղեկանանք Պասիլի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն: