ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Ասիկա կը պատահի հակառակորդ ուժերու միջեւ, ուր մէկ կողմէն յառաջընթացին զուգահեռ՝ միւս կողմէն յետընթացը տեղի կ՚ունենայ։ Օրինակ՝ միաբեւեռ եւ բազմաբեւեռ աշխարհակարգերու պարագան։ Առաջինի նահանջին զուգահեռ, 21-րդ դարու առաջին քսանամեակին, երկրորդը յառաջընթաց կ՚արձանագրէր։ Սակայն պատմութեան ընթացքին դէմ գործող էրտողանեան Թուրքիան ապրեցաւ զարտուղի զարգացում մը, երբ առաջին տասնամեակին զինք հովանաւորող Ամերիկեան Իմփերիալիզմը սկսած էր նահանջել, ինք վերելքի մէջ էր, եւ երբ իր թշնամի Փութինեան Ռուսաստանը՝ երկրորդ տասնամեակին վերելքի մէջ էր, ինք վայրէջքի մէջ։ Որովհետեւ «հովին բերածը հովը կը տանի», առաջին տասնամեակի էրտողանեան Թուրքիոյ վերելքին պատճառը իր սեփական ուժը չէր, այլ ամերիկեւսիոնական իմփերիալիզմին նեցուկը։ Երբ այս նեցուկը առաւել տկարացաւ երկրորդ տասնամեակին, Թուրքիան սկսաւ նահանջել։
Էրտողանեան Թուրքիան պատմութեան զարգացման դէմ կ՚ուզէր քալել՝ երազելով Նոր-Օսմանիզմ եւ Փանթուրքիզմ, որոնց միակ նեցուկը միաբեւեռ աշխարհակարգը կրնար ըլլալ ամերիկեւսիոնոական իմփերիալիզմի հրամանատարութեան տակ, որ սակայն նահանջի մէջ էր, իսկ փութինեան Ռուսաստանը՝ Փանթուրքիզմին թիւ մէկ թիրախը, յառաջընթացի մէջ։
Ամէն հայ պէտք չէ մոռնայ, որ Փանթուրքիզմի թիւ մէկ թիրախը Ռուսաստանն է, թիւ երկուքը՝ Իրանը, իսկ միայն թիւ երեքը՝ Հայաստանը, որ, սակայն, երեքին ամէնէն տկարն է եւ առաջնահերթը՝ սկսելու համար։ Մինչեւ անգամ Ժողովրդային Չինաստանն է թիւ չորս թիրախը, հոն ապրող ույղուրներուն պատճառով։ Ուրեմն մենք բախտաւոր ենք, որ Ռուսաստանը, Իրանը եւ Ժողովրդային Չինաստանն ալ թիրախներն են Փանթուրքիզմին։ Այսինքն՝ Փանթուրքիզմին հզօր հակառակորդները, հետեւաբար ալ՝ Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ հայութեան բնական դաշնակիցները։ Իսկ Փանթուրքիզմի ծրագիրը թուրքերու խելապատիկէն չի բխիր, այլ զայն մշակած են սիոնական հրեայ հինգ պատմաբաններ, գործածելով թրքական ծածկանուններ (Թեքին Ալփ, Մուրատ Էֆենտի, Մուսթաֆա Ճելալետտին Փաշա…), առ ի ծառայութիւն Արեւմուտքի դէպի Արեւելք ծաւալելու ծրագիր ունեցող ծաւալողապաշտ հզօր տէրութիւններուն։ Ուրեմն, Փանթուրքիզմի հեռանկարը կախեալ է ոչ թէ Թուրքիոյ ուժէն, այլ Արեւմուտքի ուժէն եւ Արեւելքի յիշեալ թիրախներու ուժէն եւ ոչ ալ Սիոնիզմի (Իսրայէլ) ուժէն։ Թուրքիա եւ Իսրայէլ պարզապէս ծածկոյթներ են Արեւմուտքի ծաւալողապաշտ ուժերուն։ Այս ծրագիրի առաջին քայլը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ցամաքային անմիջական կապին ստեղծումն է՝ այս ճամբէն վերացնելով Հայաստանի խոչընդոտը (Արեւմտահայաստանը արդէն զաւթուած է, կը մնայ Արեւելահայաստանը)։ Եւ այս է պատճառը ռուսական ռազմախարիսխին գոյութեան՝ Արեւելահայաստանի Թուրքիոյ հետ սահմանագիծին վրայ՝ պաշտպանելով Արեւելահայաստանի գոյութենական վերին շահը, պաշտպանած ըլլալու համար Ռուսաստանի ալ գոյութենական վերին շահը, քանի որ Ռուսաստանի եւ Արեւելահայաստանի գոյութենական շահերը կը համընկնին Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ։
Ոչ մէկ հայ իրաւունք ունի մոռնալու կամ չգիտնալ ձեւացնելու այս աշխարհաստրատեգիական պատմական իրականութիւնը։
- • •
Ներկայիս, «Գահընկէց Սուլթան» Էրտողանի իշխանութեան կարգավիճակը նախանձելի չէ ներքին, շրջանային եւ միջազգային հարթակներու վրայ։ Ան կ՚ապրի շատ ցուրտ մեկուսացում մը, որ իրեն կը ստիպէ ապաստանելու Փութինի ամպհովանիին տակ եւ ի վերջոյ կատարելու անոր կամքը, քանի որ Փութինի հետ լարախաղացութիւնը, առնուազն, հեշտ չէ, մասնաւորաբար ռուս-թրքական պատմական արիւնալի անցեալին պատճառով, մանաւանդ անոր համար որ յեղափոխական Ռուսաստանն էր, որ Փանթուրքիզմի (Մեծն Թուրան) ծրագիրը ներսէն խափանեց 1917-1923 տարիներուն՝ ջախջախելով Էնվերի գլխաւորած Պասմաչիական շարժումը (Էնվերը զգետնողը հայ կարմիր բանակային մըն էր) եւ Կեդրոնական Ասիոյ բոլոր թրքացեղ եւ թրքալեզու ժողովուրդներէն իւրաքանչիւրին անջատ սահմաններով երկիր մը յատկացնելով՝ այդպիսով անկարելի դարձնելով անոնց միաւորումը «Մեծն Թուրան»-ի փանթուրքական ծրագրին մէջ։ Եւ Փութինի հովանին Էրտողանէն կը պահանջէ դուրս գալ հակառուսական ՕԹԱՆ-էն, հրաժարիլ հակառուսական Փանթուրքիզմէն, վերջնապէս խզուիլ ամերիկեան CIA-ի գործակալ Իխուան Մուսլիմիններու կազմակերպութենէն ու չգործակցիլ ամերիկեւսիոնական իմփերիալիզմի դաշնակից երկիրներուն հետ եւ հրաժարիլ նաեւ նոր-օսմանիզմէն, որուն բուն հեղինակը դարձեալ թուրքերը չէին, այլ ԱՄՆ-ի նոր-պահպանողականները (Neo-cons), որոնք սարքեցին 11 Սեպտեմբերի (2001) միջազգային ահաբեկչական ահաւատալի գործողութեան հոլիուտեան բեմադրութիւնը։ Ֆրանսացի լրագրող Thierry Meyssant-ի փաստաթուղթերով հաստատուած, Պին Լէտընի ղեկավարած Ալ-Քաիտան ամբաստանելով եւ միւս կողմէ՝ Էրտողանի AKP կուսակցութիւնը յառաջ քաշեցին որպէս Պին Լէտընի ծայրայեղ ճիհատական իսլամին հակադրուող «չափաւորական իսլամ»-ի օրինակելի տիպար, որպէսզի Էրտողանի գլխաւորութեամբ վերականգնի Օսմանեան կայսրութիւնն ու Խալիֆաթը՝ անոր ենթարկելու համար համայն արաբ եւ իսլամ աշխարհը: Էրտողանի աջ բազուկը պիտի ըլլային Իխուան Մուսլիմինները։
Ուրեմն, 21-րդ դարու առաջին քսանամեակի առաջին տասնամեակին «Սուլթան» Էրտողան եւ իր AKP կուսակցութիւնը՝ ամերիկեւսիոնական push-up-ով եւ քաղաքա-տնտեսական սուտ քարոզչութեամբ ոչ միայն իշխանութիւնը գրաւեցին Թուրքիոյ մէջ, այլեւ մեծ հեղինակութիւն շահեցան նախկին Օսմանեան կայսրութեան մաս կազմող արաբ իսլամ երկիրներուն մէջ, նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ… անփորձ Պաշշար Ասատի քաղաքական ու տնտեսական երկու աններելի խոշոր սխալներուն հետեւանքով. «Ցիւրիխեան Փրոթոքոլներ»-ուն նման անպայմանադիր (Իսկենտէրունի զաւթումը մոռնալով) բացուիլը Թուրքիոյ հանդէպ եւ նոր-ազատական, շուկայական տնտեսութեան որդեգրումը, որ սնանկացուց Սուրիոյ արդիւնաբերութիւնն ու երկրագործութիւնը, բարձրացուց Սուրիոյ գործազուրկներու թիւը եւ աղքատացուց ժողովուրդը, ու հողը պատրաստեց 2011-ի նախայարձակումին։
21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակի առաջին կէսին «Արաբական Գարուն» կոչուած ամերիկեւսիոնական յեղաշրջումներու ալիքը սկսաւ Թունիսէն, տարածուելու համար Եգիպտոսի, Լիպիոյ, Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ, իշխանութեան գլուխ բերելով Թունիսի եւ Եգիպտոսի Իխուան Մուսլիմինները, քաղաքացիական պատերազմներ հրահրելով Լիպիոյ եւ Եմէնի մէջ եւ համաշխարհային յետադիմութեան ահաբեկչական պատերազմ շղթայազերծելով Սուրիոյ դէմ։ Առաջին կէսին, Էրտողան գինովցած էր այս կայծակնային արագութեամբ յաջողութիւններէն եւ Պաշշար Ասատի տապալումին օրերը կը հաշուէր։ Սակայն երկրորդ տասնամեակի երկրորդ կէսին, Էրտողանի իրավիճակը գլխիվայր շրջուեցաւ ձախողութիւններու պատճառով եւ «Գահընկէց Սուլթան»-ը մտաւ փութինեան Ռուսաստանի ամպհովանիին տակ՝ մեկուսացուած ըլլալով բոլոր երեք հարթակներուն վրայ՝ ներքին, շրջանային եւ միջազգային, որուն ցուցանիշերէն են ոչ միայն Գերմանիոյ եւ Վատիկանի պաշտօնական հնչեղ ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան, այլեւ այն լուրը, թէ յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին Արաբ-Իսլամ աշխարհէն Միացեալ Արաբ Էմիրութիւնները (որոնք արդէն «Սոյուզ 25» տիպի ռազմական օդանաւեր կը գնեն Ռուսաստանէն) պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը… ոչ թէ որպէս հայանպաստ կեցուածք, այլ առաւելաբար որպէս հակաէրտողանեան դիրքորոշում։ Մեկուսացուած է երկրի ներսը, գրեթէ բոլոր ազգի եւ կրօնքի ժողովուրդներէն եւ նոյնիսկ AKP կուսակցութեան նախկին պատասխանատուներէն։ Մեկուսացուած է արաբ-իսլամ աշխարհէն, որուն ցուցանիշը եղաւ իր կազմակերպած իսլամական գագաթաժողովին ձախողութիւնը, երբ իսլամ պետութիւններու ղեկավարներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը բացակայեցաւ։ Մեկուսացուած է միջազգային հարթակի վրայ թէ՛ Եւրոպայէն եւ թէ ԱՄՆ-էն իր ձախողութեանց պատճառով եւ ոչ թէ անոնցմէ հեռացած ըլլալուն համար։ ԱՄՆ-ի նախագահը ամերիկեան ոճի փրակմաթիզմով իրեն ըսած է. «Now, you are good for nothing» (Տօ լաճ անպիտան)։ Էրտողան հասած է այն ստոր դիրքի, որ 3-րդ անգամ ըլլալով, Փութինէն խնդրած է Պաշշար Ասատի հետ հանդիպում մը կարգադրել։ Փութին մերժած է՝ ըսելով, որ տակաւին ժամանակը չէ հասած ատոր. Սուրիոյ մէջ քու հոսեցուցած արիւնդ տակաւին չորցած չէ։ Էրտողան նոյնիսկ հիմա կ՚աշխատի երկրէն հեռացնել Իխուան Մուսլիմինի երէկի իր զինակից ղեկավարները։ Օրինակ՝ հաշտուելու համար Եգիպտոսի նախագահին հետ (որուն հետ թշնամացած էր իխուանճի Մուհամէտ Մուրսիի իշխանութիւնը տապալած ըլլալուն համար), բռնի կերպով Սիսիին յանձնած էր անոր պահանջած իխուանճի ղեկավարներէն Մուհամէտ Ապտուլհաֆիզ Հիւսէյնը, եւ կը շարունակէ իխուանճի քատրեր ձերբակալել, զանոնք կասկածելի տարրեր նկատելով՝ որպէս Ապտալլա Կիւլէնի գործակալներ… վախնալով որ Իխուան Մուսլիմինները CIA-ի ղեկավարութեամբ կրնան իրական պետական յեղաշրջում մը կատարել եւ զինք բանտարկել։ Որովհետեւ Էրտողան գիտէ, թէ ինք Թրամփի ակնոցով, «մանր վարձկան» մըն է միայն, ինչպէս բացայայտեց Պաշշար Ասատ Կիրակի, 17 Փետրուար 2019-ի իր պատմական ելոյթին մէջ, եւ կրնայ պատժել զինք, քանի որ ձախողեցաւ Սուրիոյ մէջ եւ դարձաւ անպէտ «մանր վարձկան»։
Ուրեմն, ենթադրական ոլորտի «Սուլթան» Էրտողան հիմա ինքզինք գահընկէց կը զգայ եւ, ապաստանած ըլլալով Փութինի շուքին տակ, ստիպուած է տալու էութենական որոշումը հրաժարելու ՕԹԱՆ-էն, Փանթուրքիզմէն ու Նոր-Օսմանիզմէն (իմա՝ Սուլթանութենէն ու Խալիֆայութենէն)։ Այսինքն՝ մոռնա՜լ իր անցեալին փայփայած հակապատմական (պատմութեան ուղղութեան հակառակ ուղղութեամբ ընթացող) երազները, քանի որ հին, արդէն իր վերջին հոգեվարքը ապրող միաբեւեռ աշխարհակարգին արտօնած այդ ծաւալողապաշտ երազները այսօր նոր, բազմաբեւեռ աշխարհակարգին մէջ ոչ միայն արտօնուած չեն, այլեւ անկարելի դարձած են։ Եւ ուրեմն վերապրելու համար Էրտողան պէտք է ուրանայ իր անցեալը։
Ենթադրական «Սուլթան»-ի փաստական գահընկէցութիւնը եւ անոր պատեհապաշտական, քամէլիոնական մերձեցումը Փութինի Ռուսաստանին, առումով մը նպաստաւոր եւ միաժամանակ ուրիշ առումով մըն ալ աննպաստ կրնայ ըլլալ մեր ազգային վերին շահերուն համար։
Փանթուրքիզմի սպառնալիքին առումով նպաստաւոր է։ Բայց մեր հողային դատին առումով կրնայ աննպաստ ըլլալ, մանաւանդ եթէ Արեւելահայաստանի իշխանութիւնները փորձեն կապկել Գ. Հանրապետութեան օլիգարխներու «կոմպլեմենտար» քաղաքականութեան լարախաղացութիւնը։ Եթէ Էրտողանին արգիլուած է լարախաղացութիւնը Փութինի հետ, այդ մէկը շատ աւելի խստօրէն արգիլուած է Հայաստանին։
Անշուշտ, կարելի չէ կտրականօրէն ենթադրել, թէ հաւանական է Էրտողանի հրաժարումն ու խզումը իր փառասիրութենէն, կամ թէ ան կարողութիւնը ունի զարթնելու Սուլթանի Պալատին ու Խալիֆաթի ադամանդակուռ թագի պատկերներուն իր երկարատեւ ենթարկուածութեան պատճառած քնէածութենէն, որպէսզի այդ քնէածութիւնը չվերածուի մահաքունի։
Կարելի չէ նաեւ ենթադրել, թէ Փութին Էրտողանէն իր պահանջներէն որո՞նք հրամայական պիտի նկատէ եւ որո՞նք սակարկելի, եւ թէ մեր հողային դատն ու «Դեկրետ Թրքահայաստանի մասին»-ը հրամայական են, թէ՞ սակարկելի:
Բայց հայութեան համար ամէնէն կարեւորն ու առաջնահերթը այն հարցումն է, թէ մենք ի՞նչ պէտք է ընենք եւ ի՞նչ պէտք չէ ընենք, որպէսզի Փութինը համոզուի, որ Ռուսաստանի ալ ազգային վերին շահերուն տեսակէտէն մեր հողային դատն ու Թրքահայաստանի անկախութեան մասին ռուսական դեկրետը հրամայական պահանջներ են։
Եթէ մենք ծուլանանք ու ձեռնպահ մնանք եւ չկատարենք մեզմէ պահանջուածը, ներկայի այս ոսկի առիթն ալ պիտի կորսնցնենք ստուգապէս։
Մեզմէ կը պահանջուի նախ Փութինի մօտ ստեղծել համոզում, թէ մենք Ռուսաստանի հաւատարիմ բնական դաշնակիցն ենք եւ չենք հաւատար կոմպլէմենտար քաղաքականութիւն կոչուող աբսուրդին եւ բացարձակ անկախութեան, մեր ազգային աշխարհաստրատեգիական շահերը իրարու կը համընկնին, հետեւաբար ալ՝ փոխադարձ կախեալութիւն մը ունինք իրարմէ եւ զիրար զօրացնելու պարտաւորութիւն մը։ Ապա Փութինին յիշեցնել, որ Արեւելահայաստանի զօրացումը Արեւմտահայաստանի հետ միացումով աշխարհաստրատեգիական անհրաժեշտութիւն մըն է Փանթուրքիզմի վտանգին դէմ. վտանգ մը, որ հաստատուն մըն է (constant) եւ չի վերանար Էրտողանի հազար երդումով, թէ կը հրաժարի անկէ։
Փանթուրքիզմի ծրագիրը հաստատուն մըն է Արեւմուտքէն դէպի Արեւելք տարածուիլ ծրագրող որեւէ տէրութեան համար։ Այդ ծրագիրը որդեգրուեցաւ յաջորդաբար՝ Գայզերական եւ Նացիական Գերմանիոյ եւ Ամերիկեան Իմփերիալիզմին կողմէ։
Հուսկ՝ Փութինի ուշադրութեան յանձնել այն, որ 2019 եւ 2020 թուականները դարադարձերն են Վերսայլի Վեհաժողովին, Սեւրի դաշնագրին եւ Ու. Ուիլսոնի Իրաւարար Վճիռին։ Ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը գրեթէ միաժամանակ պաշտպանած են Ու. Ուիլսոնի եւ Վլատիմիր Ի. Լենինը։ Ուիլսոնը արձակած է Իրաւարար Վճիռը Հայաստանի սահմաններուն մասին, եւ Ռուսաստանը հրատարակած է Արեւմտահայաստանի Անկախութեան Դեկրետը։
Ուրեմն, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նախագահները, որոնք յայտնօրէն ունին գաղտնի համաձայնութիւններ աշխարհաքաղաքական հարցերու շուրջ, եւ ճշդած են իրենց սահմանագիծերը եւ ԱՄՆ-ի նախագահը այլեւս պաշտպանը չէ «ոչ պիտանի» դարձած Էրտողանին, երկու նախագահները կրնան միասնաբար պահանջել գործադրութիւնը Սեւրի Դաշնագրի Հայաստանի վերաբերող յօդուածներուն եւ Ու. Ուիլսոնի 22 Նոյեմբեր 1920 թուականի Իրաւարար Վճիռին։
Այս աշխատանքը կը ծանրանայ Արեւելահայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող պետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի ուսերուն վրայ։
Դանդաղելու ժամանակ չէ մնացած…։