«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնահետազօտական կեդրոնին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ կառավարութեան անդամներուն ներկայացուած են Կեդրոնական դրամատան կողմէ իրականացուած շարք մը ուսումնասիրութիւններ՝ տնտեսական աճի կանխատեսումի, դրամավարկային քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն, ինչպէս նաեւ ելեւմտական կայունութեան հեռանկարներուն եւ անոնց մանրատնտեսական հետեւանքներուն, համայնքներու զարգացումին, ելեւմտական ներգրաւուածութեան թեմաներով։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։