Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մշակութային Կեդրոնին Կազմակերպութեամբ՝ Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց (լուսանկարներ)

Չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, եւ կազմակերպութեամբ  Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց` պատգամախօսութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի եւ մասնակցութեամբ Թէքէեան  Մշակութային Միութեան «Տը եութ պենտ» երիտասարդական» նուագախումբին` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չալեանի:

Ներկայ էին սրբազան, գերյարգելի եւ գերապատիւ, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրերը, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, հայ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գործող նշանաւոր դէմքեր, դիւանագէտներ եւ անձնաւորութիւններ, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետը եւ ԹՄՄ պատասխանատուներ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որմէ  ետք Լորի Եթերեան կատարեց  բացման խօսքը, որուն յաջորդեց  երեկոյին առաջին մասը, ուր «Թէքէեան» մշակութային միութեան Երիտասարդական «Տը եութ պենտ» նուագախումբը ներկայացուց հինգ երգեր` մասնակցութեամբ Լեթիսիա Հէքիմեանի եւ Ալիս Իփրաճեանի:

Տօնահանդէսի երկրորդ բաժինին՝ «Վարդանանց յիշատակին» ասմունքով հանդէս եկաւ Լիւսի Մազմանեան։

Ապա բեմ բարձրացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Վերապատուելին իր պատգամը ամփոփեց հետեւեալ չորս հարցումներուն մէջ. ի՞նչ է քրիստոնէութիւնը, ի՞նչ է ազատութիւնը, ի՞նչ է հողը եւ ի՞նչ է յոյսը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն չմոռնալու հայոց պատմութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ մեր ինքնութիւնն է:

Օրուան պատգամին յաջորդեց տօնահանդէսին երրորդ բաժինը, որուն ընթացքին կրկին բեմ բարձրացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Երիտասարդական նուագախումբը: Անոնք ներկաներուն հրամցուցին ժողովրդական  ճոխ երգաշար մը:

Հուսկ բեմ բարձրացաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան` փոխանցելու համար իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ ապա անդրադարձաւ, թէ ինչպէս այս յայտագիրին եւ այս տօնահանդէսին միջոցով բոլոր ներկաները կրցան վերապրիլ 451 թուականը:Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը փակեց ներկաներուն մաղթելով, որ միշտ յանձնառու ըլլան Վարդանանց ճակատամարտի պատգամին:

Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, Գերապայծառ Տէրը  պահպանիչով օրհնեց ներկաները եւ ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին