«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 3 Մարտին Արաբական միջխորհրդարանական միութեան 29-րդ գագաթնաժողովին որպէս քարտուղար ընտրուեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի:
Շաբաթ երեկոյեան Ամմանի թագուհի Ալիա միջազգային օդակայան հասնելէ ետք Պըրրի յոյս յայտնեց, որ «Երուսաղէմը Պաղեստինի յաւերժական մայրաքաղաքը» խորագրին տակ արաբական միջխորհրդարանական 29-րդ համաժողովը պիտի համախմբէ մասնակից պետութիւնները՝ ի հեճուկս իրենց ակնբախ տարաձայնութիւններուն:
Արաբական պետութիւններու խորհրդարաններու նախագահներուն միջեւ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպումին Պըրրի ընդգծեց, որ Երուսաղէմը ամենապատշաճ թեման է սոյն համաժողովին:
Բացման նիստին միութեան նախագահը՝ Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Ալի Ապտ Ալ Աալը, շեշտեց Երուսաղէմի հարցին շուրջ միակարծութեան ու համախմբումի խիստ անհրաժեշտութիւնը՝ աւելցնելով, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք հռչակելու որոշումը անդրդուելիօրէն պիտի մնայ անընդունելի: