«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նիժերիոյ հարաւը նաւթատար խողովակի պայթումին հետեւանքով անհետ կորսուած է առնուազն 50 հոգի: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «Associated Press»-ը:
Nembe Creek trunk line-ը 97 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող նաւթատար է, որ օրական կ’արդիւնահանէ 150 հազար պարել նաւթ: