«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Արթուր Մեսչեանի ծննդեան 70-ամեակին առթիւ: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։
Ուղերձին մէջ նշուած է. «Յարգելի պարոն Մեսչեան,
Ջերմօրէն շնորհաւորում եմ Ձեզ ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանի առթիւ:
Ձեր ճարտարապետական եւ երաժշտական հեղինակային ստեղծագործութիւններն իրենց ինքնատպութեամբ, ուրոյն ձեռագրով, համամարդկային արժէքներին հաւատարմութեամբ եւ խորութեամբ իրենց մեծ հետքն են թողել հայ ժողովրդի մշակութային ժառանգութեան վրայ։
Որպէս մտաւորական եւս Ձեր խօսքը մշտապէս կարեւոր նշանակութիւն է ունեցել եւ շարունակում է ունենալ հասարակութեան համար ու բարձր գնահատուել ժողովրդի կողմից։
Շատ ուրախ եմ, որ Դուք շարունակում էք ստեղծագործական ակտիւ գործունէութիւնը՝ Ձեր նպաստը բերելով մայրաքաղաք Երեւանի զարգացման կարեւոր գործին։
Եւս մէկ անգամ շնորհաւորելով ծննդեան յոբելեանի առթիւ՝ մաղթում եմ Ձեզ, պարոն Մեսչեան, քաջառողջութիւն, երջանկութիւն, բեղմնաւոր գործունէութիւն եւ ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ»,- ըսուած է ուղերձին մէջ։