«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հնդկաստան Քաշմիրի մէջ վերահսկողութեան գօտիի մօտակայքը տեղի ունեցած ռմբակոծութեան համար կը մեղադրէ Փաքիստանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն, Հնդկաստանը կը յայտնէ 3 խաղաղ բնակիչի մահուան մասին:
Հնդկաստանի ոստիկանութիւնը կը պնդէ, որ գիշերը Փաքիստանի բանակը կրակ բացած է Ճամու եւ Քաշմիր նահանգի Պունչ շրջանի գիւղերէն մէկուն ուղղութեամբ: Ականներէն մէկը ինկած է բնակելի տուներէն մէկուն վրայ՝ զայն ամբողջութեամբ աւերելով: Մահացած են մայրը եւ անոր երկու երեխաները, որոնք այդ պահուն տունը եղած են:
Փաքիստանի իշխանութիւնը, իր հերթին, յայտարարած է Հնդկաստանի կողմէ «անկանոն ռմբակոծութեան» մասին: «GEO TV» հեռուստաընկերութեան տուեալներով՝ մահացած է մէկ երեխայ, իսկ մի քանի հոգի վիրաւորուած է, աւերուած են շարք մը տուներ: