«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին Մարտ 3-ին Ռուսիոյ հետ համատեղ կու տայ «Քալաշնիքով» ինքնաձիգի արտադրութեան սկիզբը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ «ԹԱՍՍ»-ը:
Արտադարութիւնը կ’իրականացուի Քորվա քաղաքը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը Հնդկաստանի մէջ 2019-ին «Քալաշնիքով»-ի արտադրութեան մասին յայտնած էր նախորդ տարուան Դեկտեմբերին:
Տեղի լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով՝ խօսքը կը վերաբերի ԱՔ-203-ին: Այդ զէնքը կը փոխարինէ հնդկական ԻՆՍԱՍ-ի արտադրութեան զէնքերը, որոնցմէ զինուորականները կը բողոքեն։