Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Լիբանանի Ներքին Ապահովութեան Այժմու Իրավիճակը Ամբողջապէս Հսկողութեան Տակ Է. Ներքին Գործոց Նախարար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Ռայա Ալ Հասան արաբական տարբեր երկիրներէ Լիբանան այցելելու մտադիր զբօսաշրջիկներուն հաւաստեց, որ երկրի ապահովութեան այժմու իրավիճակը ամբողջապէս հսկողութեան տակ է:
«Լիբանանի ապահովութեան գործակալութիւնները գործնապէս ապացուցած են իրենց արդիւնաւէտութիւնը,- Թունիսի մէջ արաբական պետութիւններու ներքին գործոց նախարարներու 36-րդ համաժողովին նշեց Հասան:- Բացի այդ՝ անոնք որոշակիօրէն մատնացոյց ըրած են, որ Լիբանանի պետութիւնը, կողքին ունենալով լիբանանեան բանակը, ի զօրու է ձեռնհասօրէն կատարելու իր պարտականութիւնները՝ պաշտպանելու երկիրը եւ պահպանելու ներքին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը»:
Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան յաջողած է ահաբեկչութեան դէմ պայքայրի գծով՝ շնորհիւ երկրի ապահովութեան գործակալութիւններու ձեռնարկած գործողութիւններուն:
Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Ռայա Ալ Հասան ժամանեց Թունիս 2 Մարտին՝ մասնակցելու արաբական պետութիւններու ներքին գործոց նախարարներու համաժողովին, ուր կը գլխաւորէր պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած ներքին ապահովական ուժերու տնօրէն եւ հրամանատար Իմատ Օսմանէն եւ այդ ոլորտին մէջ շարք մը այլ պաշտօնատարներէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին