«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ Չինաստանին առաջարկած է ամերիկեան գիւղատնտեսական ապրանքներու մաքսատուրքերը հանել: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ «BBC»-ն:
Թուիթըրի իր էջին վրայ կատարած գրառումին մէջ ԱՄՆ նախագահը նշած է, որ նման առաջարկ ըրած է, քանի որ հետամուտ են առեւտուրի գծով աւելի լաւ քննարկումներու:
Թրամփ, հաշուի առնելով բանակցութիւններու յառաջընթացը, ԱՄՆ ներկրուող չինական ապրանքներու մաքսատուրքերու բարձրացումը յետաձգած էր։
Աւելի կանուխ, ԱՄՆ նախագահը դժգոհած էր Չինաստանի առեւտուրի եղանակէն եւ չինական ապրանքներուն համար սահմանած էր 250 միլիառ տոլար մաքսատուրք: Ի պատասխան՝ Չինաստանը ամերիկեան արտադրանքներու տուրքերը դարձուցած էր 110 միլիառ տոլար:
Անցեալ ամիս Տոնալտ Թրամփ յայտնած էր, որ երկու երկիրները շատ շուտով առեւտուրի նոր համաձայնագիր պիտի կնքեն: