Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Բուն Բարեկենդանի Տօնին Առթիւ Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց Կիրակնօրեայ Վարժարանի Աշակերտները

Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն՝ Մեծ պահոց քառասնօրեակին կանխող Կիրակին Բուն բարեկենդանի Կիրակին է, որ կրօնականին կողքին յատկանշական է իր ազգային աւանդութիւններով։ Այս ծիրին մէջ Անթիլիասի մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, ծպտուած տարբեր կերպարներով, այցելութիւն կու տան վեհափառ հայրապետին ու տօնը կը նշեն քրիստոնէական ու մշակութային ոլորտին մէջ:

Այս տարի եւս, Կիրակի, 3 Մարտ 2019-ին յաւարտ Բուն բարեկենդանի ս. եւ անմահ պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ու վայելեց անոնց պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը։ Փոքրիկներով շրջապատուած Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց քրիստոնէական դաստիարակութեան առաքելութեան նուիրուած կամաւոր ուսուցիչներուն, որոնք դարուս մարտահրաւէրները կը դիմադրեն իրենց հաւատքով, ինչպէս նաեւ կը քալեն Քրիստոսի գծած ճամբով՝ քրիստոնէութիւնը տարածելով ժողովուրդին զաւակներուն մէջ։ Հայրապետը իր գնահատական խօսքը ուղղեց նաեւ ծնողներուն, որոնք չեն զլանար իրենց ընտանեկան բոյնին կիզակէտը դարձնել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին