Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Առաջնորդական Պատգամ Մեծ Պահքի Զոհողութիւն

«Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ’ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.21)

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան,

Այսօր կը մտնենք 2019 տարուան Մեծ պահքի ապաշխարութեամբ եւ ինքնաքննութեամբ յաղթահարելի հոգեւոր բիւրեղացման շրջանը, որուն աւարտին, որպէս մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի յարութեամբ մեղքին ու մահուան յաղթած հաւատացեալներու հաւաք` Հայ եկեղեցի պիտի սկսինք սրբակենցաղ նո՛ր կեանք ապրիլ։

Մատթէոսի աւետարանին մէջ Լերան քարոզի ընթացքին Յիսուս երկինքի մէջ գանձ դիզելու պատգամը կու տայ մեզի` հրաւիրելով, որ մեր սիրտը դնենք անկողոպտելի հարստութեան մէջ։ Աւելին, այս մէկը կատարելու համար Ան երեք նախապայմաններ կը դնէ. ողորմութիւն (Մտ 6.1-4), աղօթք (Մտ 6.5-15) եւ ծոմապահութիւն (Մտ 6.16-18)։ Երբ ուշադրութեամբ կարդանք աւետարանական այս հատուածները, պիտի տեսնենք, որ երեքն ալ` ողորմութիւն, աղօթք եւ պահեցողութիւն, ֆիզիքականը անդրանցող եւ ճոխացնող հոգեւոր կրթանքներ են, ուր զոհողութիւնը բանալի դերակատարութիւն ունի։ 

 Ողորմութեան, աղօթքի եւ պահեցողութեան այս զոհողական կեանքը որպէս նշանաբան որդեգրելու համար կը յանձնարարենք, որ Մեծ պահքի ընթացքին սկսինք եւ ապա միշտ շարունակենք հետեւեալը կատարել.

Ամէն անգամ երբ կերակուր կ’ուտենք, մենք զմեզ զրկենք ճաշատեսակէ մը եւ անոր համապատասխան գումարը հայկական բարեսիրական միութեան մը նուիրենք, որպէսզի մեր աղ ու հացը կիսած ըլլանք մեր կարիքաւոր եղբօր եւ քրոջ հետ։

Երբ այսպէ՛ս ընենք, Յիսուս պիտի օրհնէ մեզ, որովհետեւ Ինք կ’ըսէ. «Որպէսզի մարդիկ չտեսնեն, այլ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.18)։

Օրհնութեամբ`

Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

4 Մարտ 2019

Պէյրութ – Լիբանան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին