Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Ազգային Միացեալ Վարժարանէն Խումբ Մը Աշակերտներ Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Բուն բարեկենդանի տօնի նախօրեակին, Ազգային միացեալ վարժարանի նախակրթարան բաժնի խումբ մը աշակերտներ Ուրբաթ, 1 Մարտ 2019-ին հայկական տիպի ձեռային աշխատանքներով ու տարազներով ներկայացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Վեհարանի դահլիճին մէջ անոնք Նորին Սրբութեան հրամցուցին բարեկենդանի յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ իրենց հետ բերած  հայկական չէօրէկը։

Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն ընդունեց հայկական կրօնական ու մշակութային աւանդութիւնները կենդանի պահող վարժարանի աշակերտութիւնը, անոնց հետ զրուցեց տօնի խորհուրդին մասին ու բարձր գնահատելէ ետք այս նախաձեռնութիւնը եւ տնօրէնութեան աշխատանքը, այս առնչութեամբ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին