«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսայի միջերկրածովեան միջնախարարական պատուիրակ Փիեռ Տուքէյն հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան ելեւմտական նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ՝ քննարկելու CEDRE խորհրդաժողովին պայմանադրուած տնտեսական ու ելեւմտական էական բարեփոխումները եւ ծրագիրները իրականացնելու համակարգը:
«Այժմու նախարարաց խորհուրդը օժտուած չէ սպասելու հանգստաւէտութեամբ: 2019-ի պետական պիւտճէի հաստատումը հրամայական է»,- ելեւմտական նախարարութեան հաղորդմամբ ըսաւ պատուիրակը:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի համար առանցքային խնդիր է պետական պակասորդի տարեկան 1 տոկոս նուազումը, ինչ որ ներառուած է կառավարութեան ծրագիրին մէջ:
«Անհրաժեշտ է յառաջխաղացում արձանագրել պետական ծառայութեան, թոշակի անցնելու կանոնաւորումի ու ելեկտրականութեան ոլորտէն ներս շարք մը բարեփոխումներ իրականացնելու աշխատանքներուն մէջ»,- նշեց ան:
Տուքէյն ընդգծեց նաեւ բարեփոխումներու խիստ անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն պիւտճէի գծով, այլեւ հեռահաղորդակցութեան, օդագնացութեան եւ ուժաբանութեան ոլորտներուն մէջ: