Հինգշաբթի, 07. 12. 2023

spot_img

Տեղի Ունեցաւ Գեղանկարիչ Արմէն Վահրամեանի Անհատական Ցուցահանդէսը (լուսանկարներ, տեսերիզ)

«Զարթօնք»-ը Հայրենիքի Մէջ – 27 –

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Փետրուար 26-ին Հայաստանի նկարիչներու միութեան մէջ տեղի ունեցաւ ծնունդով լոռեցի գեղանկարիչ Արմէն Վահրամեանի անհատական ցուցահանդէսը՝ կազմակերպուած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ու ՀՀ նկարիչներու միութեան համատեղ ջանքերով: Ցուցահանդէսը մարդաշատ էր: Ներկայ էին արուեստի գործիչներ, նկարիչին ընկերները, ԱԺ պատգամաւորներ եւ այլք:

Գեղանկարիչը «Զարթօնք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ, խօսելով իր եւ առհասարակ միւս արուեստագէտներուն աշխատանքներուն մասին, նշեց, որ միշտ ալ եղած են թէ՛ լաւ նկարիչներ եւ թէ վատ, հասարակութեան կարծիքն ու գնահատականները տարբեր են: «Կայ արուեստ, որ շատ քիչերը կը հասկնան: Կայ արուեստ, որ բոլորին հասանելի է»,- կ’ըսէ նկարիչը: Վերջինիս ցուցահանդէսին առկայ գործերուն մէջ մեծ տեղ կը զբաղեցնէ հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկուն՝ Յովհաննէս Թումանեանի պատկերացուցած ու ստեղծած թումանեանական բնապատկերն ու Լոռիի բնութիւնը, հայրենի եզերքը: Գեղանկարիչը կը կարծէ, որ այսօր մոլորակին ու մարդկութեան քիչ մը բարութիւն կը պակսի, ինչ որ ինքը կը փորձէ կտաւներու միջոցով փոխանցել հանրութեան:

Արմէն Վահրամեան ծնած է 1968 թուականին Լոռի մարզի Արտուի գիւղը։ 1978 թուականէն յաճախած է Ալաւերդի քաղաքի գեղարուեստի դպրոցը, այնուհետեւ սորված է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկի գծանկարչութեան բաժինը: 2000 թուականէն Հայաստանի նկարիչներու միութեան անդամ է։ Ունեցած է շարք մը անհատական ցուցահանդէսներ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Նկարիչներու միութեան սրահին մէջ գեղանկարիչ Արմէն Վահրամեանի անհատական ցուցահանդէսը կ’ընթանայ մինչեւ Մարտ 2:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին