Երկուշաբթի, 24. 03. 2025

spot_img

Վարչապետ Փաշինեան Ծաղկեպսակ Դրած Ու Յարգանքի Տուրքը Մատուցած Է Մարտ 1-ի Բոլոր Զոհերու Յիշատակին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ 2008 թուականի մարտիմէկեան իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ Մարտ 1-ին մայրաքաղաք Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է երթ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ երթը, որուն մասնակցած են նաեւ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը եւ իր դուստրերը, մեկնարկած է Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն, անցած Մաշտոցի պողոտայով, Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցով եւ աւարտած Միասնիկեանի արձանին մօտ:

Վարչապետ Փաշինեան ծաղկեսակ դրած ու յարգանքի տուրք մատուցած է բոլոր զոհերու յիշատակին:

Աւելի կանուխ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մարտիմէկեան իր ուղերձին մէջ անդրադարձած էր քայլերթի նշանակութեան՝ նշելով. «Մենք այս քայլերթով մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք Մարտի 1-ի, քաղաքական բոլոր սպանութիւնների զոհերին եւ մեր վճռական ոչը կասենք բռնութիւններին, անարդարութեանը, ապօրինութիւններին, կոռուպցիային, ընտրակեղծիքներին, իրաւունքների ոտնահարմանը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին