Ձախէն՝ Վիգէն Չէրչեան, Սեդրակ Քիւրէճեան, Սեւակ Յակոբեան, Ժէրար Թիւֆէնքճեան, Սիլվա Լիպարիտեան, Մայք Վայէճեան
Գործակցութեան եւ համադրումի մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿի եւ ՀԲԸՄի Լիբանանի ղեկավարութեանց միջեւ, որուն ընթացքին կողմերը վերարժեւորեցին անցեալ շրջանի փոխադարձ յարաբերութիւնները եւ միասնաբար քննարկեցին ապագայի գործակցութեան կարելիութիւնները:
Ժողովականները, որոշեցին նմանօրինակ փոխադարձ այցելութիւններ եւ հանդիպումներ յաճախակի դարձնել յօգուտ երկու քոյր կազմակերպութիւններուն աւելի եւս սերտ գործակցութեան եւ համատեղ ծրագրաւորումին: