Հաճնոյ Հայրենակցական Միութիւն
Կազմակերպութեամբ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան, Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2019-ին՝ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը նիւթ ունենալով՝ «Նոյեան Տապանի հետքերը Արարատ լերան վրայ»:
Դասախօսութիւն կը հովանաւորէր գաղութիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեանը, զոր կը ներկայացնէր Արժ. Տ. Նարեկ Ա. քհնյ Հեճինեանը:
Ներկայ էին Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան եւ հետաքրքրասէր ներկայութիւն մը:
Բացման խօսքը կատարեց Պրն. Անանիա Քեսթենեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գաղութիս բարեջան Առաջնորդին՝ հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար, ինչպէս նաեւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան, որմէ ետք ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ Դոկտ. Արի Թոփուզխանեանը:
Ան հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ անոր կենսագրական գիծերուն մասին: Ծնած է Պէյրութ եւ յաճախած Ազգ. Սահակեան վրժ., ֆրանսական Լիսէ, Պէյրութի ճարտարագիտական բարձր. դպրոցը, ապա Լիոնի համալսարանը, ուր պատրաստած է իր դոկտորական աւարտաճառը եւ պաշտօնավարած ազգային կեդրոնին մէջ:
Ան հեղինակ է զանազան գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ նախաձեռնողն է «Մաքինթոշ» մանրակարգիչներու մէջ հայ տառերու եւ յայտագիրերու տեղադրութեան, անոնց գործածութեան մասին դասաւանդած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարանի եւ Երեւանի Մատենադարանի աշխատակիցներուն:
Բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ օրուան դասախօսը Դոկտ. Արի Թոփուզխանեան, ուր ան նշեց թէ կը հետեւէր Արարատի գագաթին վրայ ամերիկացի քրիստոնեաներու կատարած փնտռտուքներուն, եւ երբ կարողացաւ ձեռք բերել անոնց մէկ խումբին պատրաստած շարժանկարը, ան յանձն առաւ հայերէնի թարգմանութիւնը:
Ապա ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան շարժանկարին, ուր դիտեցին բազմաթիւ մասնագէտներու կատարած հետախուզութիւնները, որոնք գիտական տուեալներով փաստեցին, որ Նոյեան Տապանը հանգչած է Արարատ լերան վրայ:
Հանդիպումի աւարտին Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան ատենապետ Փոլ Եագուպեան շնորհակալութիւն յայտնեց Դոկտ. Արի Թոփուզխանեանին, ինչպէս նաեւ ներկաներուն:
Կատարուեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ