ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Գարունը մօտ է: Հունտը պիտի պայթի ու վարդը ծաղկի, ծառերը պիտի զարդարուին տերեւներով, թռչունները երգեն պիտի երգն իրենց կտուցով, կեանքը արեւու շողերով ժպտի պիտի: Սա անխօս ցանկութիւններու արտայայտութիւնն է, ու մարդը պիտի շնչէ ու աւելի՛ թափ տայ իր երազներուն, որ իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէ զանազան կերպերով՝ երգով, բառերով, երազներով – կեանքի լիիրաւ ապրելու հաշուոյն կամ առ այդ իր ընթացքով թեթեւ թիթեռնիկի պէս կամ ծանր, ինչպէս ժայռը լերան կողին խրուած: Կեանքի օրէնքն է սա եւ ոչ թէ դաշտահանդէս: Եթէ պահ մը պիտի երգէ «ա՜խ, ինչ լաւ է սարի վրայ», պիտի ըսէ նաեւ «մահը մերն է, մենք մահինը, մարդու գործն է միշտ անմահ»: Երկրային յաւիտենականութեան կիրքը բնական է ապրող էակներու: Թագաւորներ կը կառուցեն կամուրջներ, քաղաքներ, զորս կ’անուանեն իրենց անունով կամ դրամներու վրայ կը դրոշմեն իրենց կնիքը: Չեն բաւականանար երկրային կեանքով, եւ այդ երկնային անմահութեան հորիզոնին մարդկային մտածողութեան անթիւ ռահվիրաներ հինէն ի վեր սփոփելու, մխիթարելու, խաւարին մէջ լոյս մը վառելու ազնիւ ինքնակոչ առաքելութեան, յանուն մարդկութեան պատասխան մը գտնելու աշխատանք են տարած: Վերջնական պատասխանը, սակայն, երկնային արքայութեան կողքին կայ հոն հասնելու կամ տիրանալու երկրային ուղին, որ է պարտականութեան գիտակցութիւնն ու իրագործումը այս անցաւոր աշխարհին վրայ: Ցանկութիւնը մղիչ ուժ է: Ի՞նչ է Կիլկամիշի հերոսամարտը, եթէ ոչ փնտռտուքը յաւիտենութեան: Իսկ արդի՞ւնքը պայքարներու, տառապագին ճամբորդութեան, վերիվայրումներու: «Դու ո՞ւր ես ձգտում, Կիլկամի՛շ: Կեանքը, որ դու փնտռում ես, չես գտնի: Աստուածները, երբ ստեղծում էին մարդուն, նրան մահ սահմանեցին, կեանքն իրենց ձեռքերում պահեցին»: ԱՀԱ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ:
Գարունը մօտ է: Բնութիւնը իր շրջանը կը կատարէ ու անով է անմահ:
«Ոչ ոք անմահ չէ, եղբա՛յր, եւ ոչինչ յաւիտեան չի մնում: Այդ լաւ իմացած եղիր եւ խնդա՛ ուրախ» (Ռապինտրանաթ Թակոր):