ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Առաջին տօնակատարութիւնը հայկական Զինուած ուժերուն նուիրուած Բանակի օրն էր: Աշակերտները 2 Փետրուարի Շաբաթ կէսօրին հաւաքուեցան վարժարանի սրահին մէջ ու հիացումով դիտեցին բանակի երեւանեան տողանցքէն տեսարաններ: Ո՛չ-հայկական վարժարաններ յաճախող եւ ծնողներուն մեծամասնութիւնը ԱՄՆ ծնած երեխաներու համար զինուոր եւ հրասայլ տեսնել, տողանցք դիտել, հանրապետութեան օրհներգէն բացի զինուորական քայլերգ լսել բացառիկ երեւոյթ էր: Ապա, անոնք դիտեցին սահիկներու պատկերազարդ ցուցադրութիւն մը: Իւրաքանչիւր սահիկ ունէր հայկական զինուած ուժերու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալ մը: Վերջաւորութեան աշակերտները յոտնկայս երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը ու միաբերան շնորհակալութիւն յայտնեցին քաջ հայ զինուորին:
. 16 Փետրուարին վարժարանը ապրեցաւ մէկ այլ խանդավառ օր. աշակերտները միջօրէին տօնեցին Տեառնընդառաջը, որ ժողովուրդին ծանօթ է նաեւ որպէս Տրնդեզ: Անոնք նախ համախմբուեցան կրակի շուրջ, պարեցին հայկական շուրջպարը, ապա բարձր տրամադրութեամբ, մէկ առ մէկ անցան բոցերուն վրայէն: Ամենափոքրիկ սանիկները զերծ չմնացին այս աւանդական արարողութենէն: Անոնք աւագ քոյր-եղբայրներու, կամ ուսուցիչներու ձեռքէն բռնած անցան կրակի վրայէն: Աւարտին, վարժարանի տնօրէն Պրն. Նորայր Տատուրեանը մաղթեց, որ բոլոր աշակերտներուն մէջ հայութեան ինքնութիւնը այդ կրակին պէս անմար մնայ:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ