Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Փաշինեան Եւ Այաթոլլա Ալի Խամենէի Համակարծիք Եղած Են, Որ ԼՂ Հակամարտութեան Համապարփակ Կարգաւորումը Հաւանական Է Բացառապէս Խաղաղ Ճամբով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Իրան կատարած պաշտօնական այցին հիւրընկալած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէի:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ այաթոլլա Ալի Խամենէի ողջունած է ՀՀ վարչապետի այցը եւ նշած, որ տեղեակ եղած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի բանակցութիւններու արդիւնքներուն:  Այաթոլլա Ալի Խամենէի իր աջակցութիւնը յայտնած է հայ-իրանական բազմոլորտ գործակցութեան զարգացումին ու այդ ուղղութեամբ նախատեսուող քայլերուն: Ան առանձնակիօրէն կարեւորած է հայ-իրանական տնտեսական գործակցութեան ընդլայնումն ու խթանումը:

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար` ընդգծելով, որ Հայաստանը շահագրգիռ է բարեկամ Իրանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումով ու ընդլայնումով:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպումին վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ ժողովրդական յեղափոխութեան:

Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդը տեղեկացուցած է, որ ուշադրութեամբ հետեւած է Հայաստանի մէջ խաղաղ եւ ժողովրդավարական կանոններով տեղի ունեցած գործընթացներուն:

Հանդիպումին զրուցակիցները անդրադարձած են տարածաշրջանային տարբեր խնդիրներու: Նիկոլ Փաշինեան եւ այաթոլլա Ալի Խամենէի համակարծիք եղած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տևական կարգաւորումը հաւանական է բացառապէս խաղաղ ճամբով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին