Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Սուրիոյ Հակամարտութեան Քաղաքական Լուծումը Եւ Գաղթականներու Տունդարձը Տարանջատ Խնդիրներ Են. Ռաաի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Միջազգային հանրութիւնը պարտի տարանջատել Սուրիոյ 8-ամեայ հակամարտութեան քաղաքական լուծումը եւ Լիբանան բնակութիւն հաստատած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու տունդարձը: Այս մասին նշեց մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի:
Ռաաի մասնաւորաբար շեշտեց սուրիացի գաղթականներու շուտափոյթ տունդարձի հրամայականը, ինչ որ, իր խօսքով, որոշ չափով հնարարութիւն կ’ընձեռէ շրջադարձելու երկրի քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու անհանդուրժելի իրավիճակը:
Լիբանան հաստատուած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու խնդիրը, ի թիւս տարաբնոյթ հետեւանքներու, խաթարած է երկրի տնտեսական ու ենթակառուցուածքային արդէն իսկ խղճուկ իրավիճակը: Նորակազմ կառավարութիւնը վստահութեան քուէ ստանալէ ետք, սա կը շարունակէ օրակարգային հրատապ հիմնախնդիրներէն մնալ քաղաքական գործիչներուն համար:
Սուրիացի գաղթականներու տունդարձի հարցով Լիբանանի քաղաքական գործիչները երկու խումբի կը բաժնուին: Մուսթաքպալ շարժումը, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը եւ Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութիւնը յամառօրէն կ’ընդդիմանան երբեմնի կապերը վերահաստատելու սուրիական վարչակարգին հետ, մինչեւ Սուրիոյ հակամարտութեան քաղաքական լուծումի հասնիլը, իսկ Հզպալլա, Ամալ շարժումը, Ազգային ազատ հոսանքը եւ իրենց դաշնակիցները հակամէտ են լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները վերընձիւղելու, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցութիւն ծաւալելու սուրիացի գաղթականներու տունդարձը երաշխաւորելու նպատակով:     

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին