ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ս. Ներսէս Շնորհալի
Այս շաբաթ երբ կը տօնենք Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց ազգային-եկեղեցական տօները, յիշենք թէ Հայ Եկեղեցւոյ շարականները որքան հարազատօրէն կ՚արտայայտեն անոնց մնայուն արժէքն ու արժանիքը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ ԺԲ. դարու տաղանդաւոր Հայրապետ Ներսէս Դ. Կլայեցի Կաթողիկոս (1103-1173) Շնորհալի պատուանունը լիագոյնս ստացաւ որպէս աստուածաբան բանաստեղծ իր բազմերանգ շարականներուն եւ կրօնաբոյր աղօթքներուն յօրինմամբ։ Անոնց շնորհիւ Հայաստանեայց Եկեղեցին եւ պաշտամունքը աննախընթաց վերելք արձանագրեց եւ միանգամ ընդմիշտ ճոխացաւ ու դարձաւ ինքնատիպ իր ամբողջութեանը մէջ։ Շնորհալի Հայրապետ մեր եկեղեցւոյ ժամապաշտութիւնը գործնական եւ աղօթական մակարդակի բարձրացուց Աւետարանական, անձնական, եւ ազգային հիմունքով իր բազում այլ շարականներով որոնցմէ երկուքին եւս պիտի անդրադառնամ շատ հակիրճ կերպով։
Սրբոց Վարդանանց «Նորահրաշ»ը
«Նորահրաշ պսակաւոր» գեղահիւս շարականը «Ներսէսի երգ» տասը տառերու համապատասխան պսակը կը հիւսէ Ս. Վարդան Մամիկոնեան զօրավարին, անոր աջակից զօրավարներուն, եւ 1036 զինուորներուն, որոնք Վարդանի հետ ինկան 451 թուի Աւարայրի ճակատամարտին, հետեւողութեամբ Եղիշէ Վարդապետ ժամանակակից պատմիչին դիւցազներգութեան՝ «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»։ Տասը տուներու իւրաքանչիւրին մէջ Շնորհալի Հայրապետ կը յիշատակէ զօրավարին անունը եւ համապատասխան առաքինութիւնը զմայլելի բանաստեղծութեամբ եւ երաժշտութեամբ, հետեւեալ կարգով։
«Նորահրաշ պսակաւոր» առաջին տունին մէջ Մամիկոնեան Տան «Վարդան քաջ նահատակն» է մեծ զօրավարը։ «Երկնաւոր» տունին մէջ՝ «Խորէն խորհրդականը»։ «Րենական» համարին մէջ «Արիացեալ Արտակն» է զօրավարը։ «Սրբափայլ» համարին մէջ՝ «Հմայեակ հօր ընծայեալը», իսկ «Էական բարւոյն» տունին հերոսն է «Տաճատ զարմանալին»։ «Ստացեալ զհաւատոյ վահան» տունին տէրն է «Վահան վեհ երեւեալը»։ «Ի հոտ անուշ» տունին մէջ՝ «Արսէնն ցանկալին»։ «Երկոքումբք հարազատօք» համարին մէջ՝ «Յառաջադէմն Գարեգին», եւ «Րամկական» տունին մէջ՝ «Հազարաց եւ երեսնից թիւ ընդ վեցից» (1036) զինակից մարտիրոսները։ Իսկ վերջին «Գոհութեամբ» տունին մէջ՝ «եկեղեցիք Հայաստանեայց»։
Այսպէս, շարականը կը սկսի Վարդան Զօրավարով եւ կ՚աւարտի Հայաստանեայց եկեղեցիներով։ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ զօրաւոր կապ մը կը հաստատէ Հայրենիքի եւ Մայր Եկեղեցւոյ միջեւ, որոնց պաշտպանութիւնը գերագոյն նպատակը եղաւ Աւարայրի գոյամարտին։ Աւետարանին եւ Հայ Եկեղեցւոյ սերտ յարակցութիւնը Վարդանի յայտարարութենէն կու գայ ուր կ՚ըսէ թէ «մեր հայրը Սուրբ Աւետարանը կը ճանչնանք եւ մայրը՝ Եկեղեցին Հայաստանեայց»։ Շարականին մէջ ակներեւ կը մնայ բացակայութիւնը Ներսեհ Քաջբերունի զօրավարին։
Ս. Ղեւոնդեանց «Որ յառաջագոյն» շարականը
Երկու պատկեր եւ վեց տուն այս շարականը Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն նուիրած է Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ։ Ղեւոնդեանք եօթը հոգեւորականներ էին, գլխաւորութեամբ Յովսէփ Հողոցմեցի Կաթողիկոսին եւ Ղեւոնդ Երէցին, որոնք Աւարայրի պատերազմէն երեք տարի ետք, 454 թուին, ազատելով կռիւի դաշտէն նենգութեամբ Պարսկաստանի մայրաքաղաք Տիզբոն կանչուեցան ու նահատակուեցան։ Միւս հոգեւորականներն էին Մուշեղ քահանայ, Արշէն քահանայ, Սամուէլ քահանայ, Քաջաջ սարկաւագ եւ Աբրահամ սարկաւագ։ Սոյն շարականի երկրորդ պատկերի երեք տուներուն մէջ յանուանէ կը յիշուին եօթ նահատակ հոգեւորականներէն Յովսէփ Կաթողիկոսն ու Ղեւոնդ Երէցը, որոնք «լուսաւորեցին արի եւ քաջ սպարազէնները»։
«Անճառելի բանդ Աստուած» շարականը
Ս. Ղեւոնդեանց ընծայուած սոյն շարականի տասը տուներու մէջ Շնորհալի Հայրապետ այբբենական շարքով, մէջ ընդ մէջ չորսական բոլոր 36 տառասկիզբներով, շարադրած է «Մանկունք»ի այս շարականը՝ նուիրուած Ղեւոնդեանց քահանայից։ Ղեւոնդ Երէցի անունը յիշատակելով Շնորհալի Հայրապետ «ամենուն լուսաւորիչ Ղեւոնդ սուրբ վարդապետ» կը կոչէ զինք, որ խոհական իմաստութեամբ խրատեց կամաւորները որոնք «յօժարութեամբ նահատակուեցան»։ Շնորհալիի «սիրոյ հուրը», որուն այլապէս այնքան յաճախակի մտապատկերը եղած է, հոս եւս կ՚երեւի որպէս «սուրբերուն մէջ բորբոքած կրակ», որուն շնորհիւ «զիրար խրախուսեցին եւ յօժարութեամբ դէպի մահ դիմեցին»։ Դարձեալ յանուանէ Յովսէփ Կաթողիկոսը կը յիշուի, որ «բոլոր ընտրեալ աշակերտներէն առաջ քաջ եւ բարի նահատակը եղաւ»։
Զոյգ մը Շնորհալիի շարականներէն
Մեր եկեղեցւոյ Շարակնոցը Շնորհալի Ներսէս Հայրապետի աւելի քան քսան ընդարձակ եւ համառօտ շարականները կ՚ընդգրկէ, տալով անոնց նաեւ յատուկ երաժշտութիւն։ Եթէ վերեւի Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց շարականները միասնաբար մէկ միաւոր հաշուենք, կը մնան չորս միաւորներ եւս, որոնցմէ երկուքը հետեւեալներն են։
Արարչագործութիւնը
Իր բոլոր մանրամասնութիւններով Կիրակիէն մինչեւ Շաբաթ, իւրաքանչիւր օրուան յատուկ շարականներ են, Կիրակին «Նորաստեղծեալ» ծանօթ վեցեակով որ արարչագործութենէն կ՚անցնի Քրիստոսի Յարութեան աւետիսը բերելով հաւատացեալին իր Ներսէս անուան սկզբնատառերով։ Երկուշաբթիի վեցեակը կը սկսի «Արարչական Բանին հրաման» յայտարարութեամբ եւ այբբենական լրիւ շարքով ու կը հասնի մինչեւ Շաբաթ օր «Քո անպատում խոնարհութեամբ» վերջաբանով։ Այս կերպ Հայրապետը մեր եկեղեցիին ընծայած կ՚ըլլայ ամէնօրեայ պաշտամունքի յատուկ վեցեակ շարականներ հետեւելով Ծննդոց Գիրքի արարչագործութեան։
Երեքշաբթիի վեցեակը «երրորդ օրուան» արարչագործութիւնը կ՚երգէ՝ ուղղեալ Յովհաննէս Մկրտչին, բոյսերու եւ տունկերու աճեցումին, Նոյ Նահապետի Տապանով ջրհեղեղէն մարդոց եւ անասուններու փրկութեան, որուն շնորհիւ «կիներուն մէջ մեծը» ծնաւ որ եղաւ օրէնքի եւ շնորհքի միջնորդը, նոյնինքն Մարիամ Աստուածածին։ Չորեքշաբթի օրուան վեցեակը Աստուածամօր Աւետումին նուիրուած է, երբ «ծածկեալ խորհուրդ»ը յայտնուեցաւ Յիսուսի ծնունդով։ Աւետարանի մէկ գողտրիկ հրաշքով կը փակուի այս օրուան խորհուրդը երբ Շնորհալի Հայրապետ կ՚աղաչէ որ «Պետրոսին հետ մեզ եւս վեր բերէ մեղքի ծովու ալիքներէն»։
Հինգշաբթին նուիրուած է Քրիստոսի Առաքեալներուն երբ այդ օր Արարիչն Աստուած ստեղծեց ծովու եւ օդի ձուկերն ու թռչունները, եւ ինչպէս հին Իսրայէլը ծովու եւ ամպի արհաւիրքներէն ազատեցան, նոյն ձեւով Առաքեալներն ալ «կանչուեցան», մկրտուեցան, եւ եկեղեցիներ հիմնեցին որպէս «Նոր Սիոն»։ Ուրբաթ օրուան բաժինը Քրիստոսի Խաչելութեան յատուկ է, երբ Արարիչը վեցերորդ օրը մարդը ստեղծեց իր պատկերին համաձայն։ Երբ սակայն մեղքը տիրեց մարդուն մէջ, կը շեշտէ Հայրապետը, Հայրն փառաց շուտով Խաչով ջնջեց անոր յանցանքները, մեզ երկինք բարձրացնելով, խաչին վրայ մեղքը սպաննելով ու մահուան դատավճիռը ջնջելով։
Շաբաթ օրուան վերջին վեցեակը նուիրուած է արարչագործութեան եօթներորդ օրուան հանգիստին, երբ Տէրը իր գործերը լրացնելով զայն «հանգիստի օր» կոչեց։ Շնորհալի Հայրապետ կ՚աւելցնէ, մեզի ալ շնորհքը տրուեցաւ Շաբաթ օր «հանգչիլ ընդ Աստուծոյ»։ Ննջեցեալները եւս յիշատակելով Հայրապետը կը հայցէ Քրիստոսէ որ ողորմութեամբ դատէ զանոնք, իսկ զմեզ ալ՝ արդարութեամբ։
«Այսօր անճառ» շարականը
Յիսուսի կեանքին վերջին շաբաթը մանրամասնութեամբ եւ յուզումնախառն եղանակով կ՚երգէ Շնորհալի Հայրապետ, 36 տուներով ճոխացուցած, այբէն մինչեւ քէ։ Տխուր դէպքերը կը տողանցեն ուղղակի քաղելով Աւետարաններէն։ «Անճառ» եւ «անպատում» բառերը հոմանիշներ են եւ կը նշանակեն «անբացատրելի», որքան ատեն որ աստուածային խորհուրդները մարդոց մտքին անհասանելի են եւ հետեւաբար չեն բացատրուիր։ Հեղինակ Հայրապետը «սրբազան թատրերգութեան» մը վերածած է Յիսուսի վերջին օրերը, իւրաքանչիւր վեցեակի տալով իւրայատուկ բովանդակութիւն՝ Ծաղկազարդի Երուսաղէմ մուտքէն մինչեւ խաչելութիւն եւ թաղում։
Շարականը կը յատկանշուի մասնաւորաբար Վերջին Ընթրիքով եւ Ոտնլուայով, բոլոր դէպքերուն հաւասար մանրամասնութիւններով եւ բիւրեղեայ գրաբար լեզուով որով հաստատապէս կրնանք ըսել որ գրաբարն ու տրուած եղանակը չափուած են եւ իրարու լծակից, պատճառ դառնալով որ հայ եկեղեցւոյ շարականները միայն գրաբար լեզուով երգուին, եւ ո՛չ մէկ պարագայի թարգմանաբար, նոյնիսկ աշխարհաբար, այլապէս կը խաթարուի ամէն ինչ հեգնելով զայն եւ պարզապէս «չերգելով», կորսնցնելով անոնց հրապոյրը եւ պաշտամունքի նկարագիրը միանգամայն։
Կ՚եզրափակեմ սոյն գրութիւնը վերեւի երկու յաւելեալ շարականները աւելցնելով իբրեւ կենսական նմոյշներ Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց տօնակատարութեան առիթով։