«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մալիի կեդրոնական Տիանքապօ քաղաքը Փետրուար 27-ին տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով մահացած է առնուազն 17 խաղաղ բնակիչ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:
Կը նշուի, որ տղամարդու մը մարմինին վրայ փակցուած սարքը պատճառ եղած է պայթումին:
«Մարմինը պայթած է, 17 հոգի մահացած է»,- ըսած է անվտանգութեան ծառայութիւններուն մօտ աղբիւրը: