«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պաշտօնական այցով Թեհրան գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ալի Լարիժանին ողջունած է Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան այցը Իրան եւ համոզում յայտնած, որ սա կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումին:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշած, որ վերջին անգամ Իրանի խորհրդարանը եղած է Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան կազմով կատարած այցի ծիրէն ներս, որմէ կը պահպանէ ջերմ եւ հաճելի յիշատակներ:
Զրուցակիցները բարձր գնահատած են բարեկամական երկկողմ յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակեն զարգանալ փոխըմբռնումի մթնոլորտին մէջ:
Կողմերը անհրաժեշտ համարած են տնտեսական գործակցութեան շարունակական ամրապնդումը եւ այդ գործին մէջ կարեւորած նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ կապերու ընդլայնումը: Այդ առումով զրուցակիցները ընդգծած են երկու երկիրներու խորհրդարաններուն բարեկամութեան խումբերու գործունէութեան, փոխադարձ այցելութիւններուն, խորհրդարաններու յանձնաժողովներու մակարդակով յարաբերութիւններու զարգացումի անհրաժեշտութիւնը եւ նշած, որ հայ-իրանական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդումը իր նպաստը կը բերէ նաեւ օրէնսդիր մարմիններու գործակցութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ հանդիպումի արդիւնքներէն՝ ընդգծելով, որ հայկական կողմը շահագրգռուած է իրականացնելու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, մասնաւորապէս տնտեսական ոլորտին մէջ, ինչը նոր լիցք կը հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններուն:
Ալի Լարիժանին, իր հերթին, ընդգծած է, որ Իրանի խորհրդարանը դրական տրամադրուած է յարաբերութիւնները աւելի ընդլայնելու հարցին մէջ: Իր խօսքով` առկայ են գործակցութիւնը զարգացնելու մեծ հնարաւորութիւններ՝ ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով: Այս թեմայի լոյսին տակ նշուած է ԵԱՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ ազատ առեւտուրի մասին ստորագրուած համաձայնագիրի կարեւորութիւնը եւ փաստաթուղթի վաւերացումը խորհրդարաններուն կողմէ: Կողմերը կարեւորած են նաեւ զբօսաշրջութեան եւ մշակութային ոլորտներունմ մէջ գործակցութեան խթանումը:
Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներ։