ՀԵԸ Անդրանիկ Սին էլ ֆիլի աղջկանց պասքեթպոլի երիտասարդ կազմը պատուաբեր 5-րդ դիրքը գրաւեց Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսը շահելէ ետք, Ա. դասակարգ բարձրացած մեր աղջիկները միայն վերջին մրցումին, կէտերու ջնջին տարբերութեամբ կորսնցուցին «Ֆայնըլ Ֆոր»ի փուլը անցնելու առիթը: Ախոյեանութեան մրցումներուն կը մասնակցէին ութ խումբեր:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի կազմին մարզիչն է Ժորժ Տեղէրը, ՀԵԸ-ի պասքեթպոլի կազմերուն ընդհանուր պատասխանատուն՝ Թոնի Ճունթոյեանը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ