ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կլենտէյլ քաղաքի մէջ 70 տարիէ ի վեր կը գործէ Լուտերական Եկեղեցւոյ պատկանող Սէյլըմ դպրոցը (Salem School):
Վարժարանը ունի նախամանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգ դասարաններ (Pre K – 8th Grade), 4-14 տարեկաններու համար:
Լուտերական եկեղեցւոյ պատկանող այս դպրոցը, քրիստոնէական հաւատքի վրայ հիմնուած բարոյական շատ բարձր մակարդակով կը գործէ, աշակերտութեան բարձրագոյն ուսում տալով եւ գործածելով ուսումնական ամէնէն արդիական մեթոտներ: Դպրոցը ունի կրօնական պաշտամունքի եկեղեցի մը, ուր շաբաթը անգամ մը բոլոր աշակերտներու մասնակցութեամբ հոգեւոր պահ մը կ՚անցընեն:
Դպրոցը արժանացած է Կլենտէյլ քաղաքի, Լոս Անճելըսի գաւառի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր եւ աշխարհիկ միութիւններու մեծարանքին եւ շքանշաններուն:
Սէյլըմ Լուտերական դպրոցը ծանօթ է իր փոքր թիւով աշակերտներ ունեցող դասարաններով, ուր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները աւելի ուշադրութիւն կը դարձնեն եւ ժամանակ կը տրամադրեն աշակերտութեան ուսման վրայ: Բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները իրենց հետ ունին մնայուն օգնական մը դասարանէն ներս:
Այդ դպրոցը ունի ուսուցչական հոյակապ կազմ մը. բոլորն ալ բարձրագոյն վկայականներու տէր անձեր են եւ որակաւորում (Credential) ունեցող հրաշալի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ են:
Դպրոցի աշակերտներուն 20-25 առ հարիւրը ծագումով հայ փոքրիկներ են, որոնք մեծագոյն հաճոյքով դպրոց կու գան եւ դպրոցը աւարտելէ ետք, կ՚ընդունուին նահանգի ամէնէն բարձր դպրոցները եւ համալսարանները:
Դպրոցին արձանագրութիւնները կը սկսին Մարտ 1-էն: Անոնք որոնք կը փափաքին իրենց զաւակները արձանագրել, փոքր թիւով աշակերտներ ընդունելու առիթ կայ:
Արձանագրութեան ատեն կարելի է յիշել, թէ այս գրութիւնը կարդացած էք եւ դուք պիտի արժանանաք 100 տոլար զեղչի արձանագրութեան գումարէն
Դպրոցին հասցէն է՝
1211 N. Brand Blvd.
Glendale, CA 91202
Tel. 818-243-8264