Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցան Հայ-Իրանական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան թագաւորական «Սաատապատ» պալատին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հանդիպումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութիւնը, նեղ կազմով հանդիպումին յաջորդած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:

Հասան Ռոհանին շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ վարչապետին՝ իր հրաւէրը ընդունելուն եւ Իրան այցելելուն համար: «Բարի գալուստ Իրան: Կը շնորհաւորեմ Ձեզ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցա, փոփոխութիւններուն առիթով, որոնք դրսեւորուեցան ժողովրդավարական ճամբով: Մեր պատմական յարաբերութիւնները միշտ եղած են բարեկամական, եւ մենք կը ցանկանք զանոնք աւելի ամրապնդել ու զարգացնել: Իրան մշտապէս  կը ցանկայ իր հարեւաններուն, մասնաւորապէս Հայաստանի հետ ունենալ լաւ յարաբերութիւններ: Համոզուած եմ, որ Ձեր այցը Իրան պիտի նպաստէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդումին»:

Վարչապետ Փաշինեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնած է Ռոհանիի հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար` աւելցնելով, որ Իրանը մօտ է Հայաստանին ոչ միայն աշխահագրական, այլ նաեւ բարեկամական կապերով, եւ վերջին իրադարձութիւններէն ետք Իրանի հետ յարաբերութիւններուն համար նոյնպէս նոր հնարաւորութիւններ բացուած են:

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ Իրան կ’այցելէ երրորդ անգամ ըլլլաով` առաջինը տեղի ունեցած է որպէս լրագրող, երկրորդը` որպէս պատգամաւոր, երրորդը` որպէս վարչապետ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է Իրանի մէջ տեղի հայութեան նկատմամբ առկայ ջերմ վերաբերումը: «Դա եւս ամրապնդում է մեր բարեկամական վերաբերմունքը Իրանի նկատմամբ: Մեր առանձնազրոյցում քննարկել ենք կարեւոր հարցեր, յոյս ունեմ, որ այս այցի ընթացքում այդ հարցերից մէկ մասի լուծումներին պիտի կարողանանք հասնել»,- ըսած է վարչապետը:

Հասան Ռոհանի համոզում յայտնած է, որ երկու կողմերուն քաղաքական կամքը բաւարար է հայ-իրանական յարաբերութիւնները ամրապնդել շարունակելու համար:

Կողմերը համոզուած են, որ հետագային Հայաստանն ու Իրանը ոչ միայն պիտի պահպանեն փոխվստահութեան վրայ հիմնուած բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները, այլեւ պիտի ընդլայնեն ու կը խորացնեն զանոնք:

ՀՀ վարչապետն ու Իրանի նախագահը երկկողմ տնտեսական օրակարգի կարեւոր ծրագիրներէն համարած են Իրան-Հայաստան 400 քիլոուաթ լարումի ելեկտրահաղորդումի 3-րդ գիծի կառուցումը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ աւելցնելու երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրականութեան եւ կազի փոխանակումի ծաւալները` նպաստելով թէ՛ երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումին, թէ՛ այս բնագաւառին մէջ տարածաշրջանային գործակցութեան ընդլայնումին:

Կողմերը մեծապէս կարեւոր համարած են նաեւ Մեղրիի ջրաելեկտրակայանի ծրագրի իրականացումը եւ պայմանաւորուած յառաջիկային այդ ուղղութեամբ իրականացնել գործնական քայլեր:

Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները չեն համապատասխաներ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին: Անոնք անհրաժեշտ համարած են առաւելագոյն չափով երկկողմ առեւտրա­շրջանառութեան ծաւալները մեծցնել եւ փոխադարձ ներդրումները աշխուժացնել:

Այդ առումով, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է ՀՀ կառավարութեան քայլերուն, որոնք ուղղուած են ներդրումային միջավայրը աւելի նպաստաւոր եւ գրաւիչ դարձնելուն:

Երկկողմ եւ տարածաշրջանային առեւտրատնտեսական կապերը աշխուժացնելու տեսանկիւնէ կարեւոր համարուած է ԵԱՏՄ-Իրան ստորագրուած համաձայնագրի վաւերացումը խորհրդարաններուն կողմէ: Փաշինեան եւ Ռոհանի համոզուած են, որ այդ համաձայնագիրը նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներուն առեւտրատնտեսական յարա­բե­րու­թիւնները աւելի խթանելու համար: Անոնք կարծիք յայտնած են, որ համաձայնագիրը լիարժէք ուժի մէջ մտնելէ ետք օգտակար պիտի ըլլայ Երեւանի եւ Թեհրանի մէջ կազմակերպելու հայկական եւ իրանական արտադրանքի ցուցահանդէս-վաճառք ու գործարարական համաժողով:

Հայաստանի եւ Իրանի գործակցութեան կարեւոր ոլորտներէն կը համարուի միջազգային փոխադրութեան միջանցքներու զարգացումը, Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ծրագրի առանձին հատուածներու կառուցման ուղղութեամբ իրանական կողմի հաւանական մասնակցութիւնը:

Հանդիպումին զրուցակիցները անդրադարձած են գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ գործակցութիւնը խթանելու եւ Հայաստանէն Իրան մսամթերք արտահանելու ծաւալները աւելցնելու հնարաւորութիւններուն:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, առողջապահութեան, մասնաւորապէս, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան, բնապահպանութեան եւ մարդասիրական մարզերու մէջ գործակցութեան ընդլայնումի հնարաւորութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ հայ-իրանական գործակցութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումին եւ աւելցուցած, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասա­րա­կշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումի հարցին շուրջ:

Փաշինեան եւ Ռոհանին համակարծիք են, որ ԼՂ հիմնահարցի համապարփակ եւ տեւական կարգաւորումը հաւանական է բացառապէս խաղաղ ճամբով` միջազգային գետնի վրայ հիմնախնդրի հարցով զբաղող միակ կառոյցի՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով:

Հանդիպումի աւարտին երկու երկիրներու առաջնորդները յանձնարարած են Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւններու պատասխանատուներուն` ըստ ոլորտներու շարունակել աշխոյժ քննարկումները` մինչեւ միջկառավարական գալիք նիստը զանոնք յստակ պայմանաւորուածութիւններու վերածելու նպատակով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին