Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Պըրրի Կը Խնդրէ Եւրամիութեան Օգնութիւնը Լիբանանի Ծովային Սահմանը Նշանակելու Կապակցութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի խնդրեց Եւրոպական Միութենէն գործուն դերակատարութիւն ցուցաբերել Լիբանանի ծովային սահմանը նշանակելու գործին մէջ: Այս մասին կը տեղեկանանք խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Եւրամիութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ հանդիպումին Պըրրի բարձրաձայնեց վերոյիշեալ խնդիրը՝ դիտել տալով, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի ջրային տարածքը սահմանակից են, եւ Լիբանան կը գտնուի Եւրամիութեան սահմանին:
Զանազան առիթներով խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի զգուշացուցած է իսրայէլեան զաւթողական բնոյթի վտանգաւոր օրինախախտումներէն, որոնք ուղղակի կ’առնչուին Լիբանանի խնդրայարոյց պլոք 9-ի հարուստ նաւթապաշարի շահագործումներուն:      

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին