«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յովհաննէս Գրիգոր Գասապեան (1880, Ակն – 27 Փետրուար 1915), հայ բժիշկ։
Ծնած է մօտաւորապէս 1880 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի Ակն քաղաքը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրը։
1903 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ Հաստատուած է Սամսոն, ուր աշխատած է որպէս բժիշկ։
1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած է որպէս 10-րդ զօրաբաժինի ամրութիւններու վաշտի զինուորական բժիշկ։
1915 թուականին Փետրուար 27-ին սպաննուած է, իսկ այլ վարկածներու համաձայն՝ մահացած է ժանտախտէ 35 տարեկան հասակին։